«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ» ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը «Ար­մէնփ­րէս» եւս ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծո­յէն կոր­սուած իւ­ղան­կա­րի հար­ցին։ Գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը մատ­նանշած է, որ երկ­րի Քննչա­կան վար­չու­թիւ­նը այս հար­ցին շուրջ որ­պէս վկայ ունկնդ­րած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։

Գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը նիւ­թի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016