ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին՝ շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։ Այս­պէս մեր հիւ­րերն էին՝ Եւ­գի­նէ Վան­լը, Նուր­հան Սու­ճեան եւ Ե­դուարդ Պալ­ճը։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին հիւ­րե­րը յայտ­նե­ցին, որ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը այս տա­րի հա­սած է 90-ի։ Ման­կա­պար­տէ­զի մէջ ստեղ­ծուած է ե­ռուն մթնո­լորտ մը, ինչ որ հաս­տա­տու­թեան ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ կը հա­մա­րուի յու­սադ­րիչ։ Ար­դա­րեւ, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը յա­ջո­ղի քա­ղա­քի ծայ­րա­մա­սե­րուն եւ մա­սամբ հե­ռա­ւոր ա­րուար­ձան­նե­րուն մէջ հաս­նիլ այն հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք ու­նին դպրո­ցա­հա­սակ զա­ւակ­ներ։ Շնոր­հիւ այդ ջան­քե­րուն, այս տա­րի դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը 15-ով բարձ­րա­ցած է ան­ցեալ տա­րուան բաղ­դատ­մամբ։ Ե­թէ ներ­կայ ըն­թաց­քը պահ­պա­նուի, ա­պա յա­ռա­ջի­կայ տա­րիէն սկսեալ այդ թա­փը կրնայ ա­ւել­նալ։

Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մե­զի յայտ­նե­ցին, որ դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը գո­հա­ցու­ցիչ մա­կար­դա­կի մը վրայ կը հա­մա­րեն ու կը ջա­նան նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ ա­պա­հո­վել՝ կա­յուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար։ Թա­ղա­կան­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ այս ա­ռու­մով ի­րենք կը վստա­հին հա­մայն­քի զօ­րակ­ցու­թեան, ո­րով­հե­տեւ Թոփ­գա­բուի ե­կե­ղե­ցին չու­նի մշտա­կան հա­սու­թա­բեր մի­ջոց­ներ, իսկ դպրո­ցը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թիւն մը ու­նի մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գէն ներս։ Այս բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րուն հի­ման վրայ թա­ղա­կան­նե­րը ե­ռան­դով պատ-­րաս­տուած են նաեւ այս տա­րուան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան։ Ա­նոնք ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին դպրո­ցի հիմ­նա­կան բա­րե­րար­նե­րուն՝ Եր­կա­նեան եւ Սա­րայ­լը ըն­տա­նիք­նե­րուն կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ մատ­նան­շե­ցին այն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քին։

Դպրո­ցին ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ռըն­թեր թոփ­գա­բու­ցի­նե­րը կը ջա­նան խրա­խու­սել նաեւ ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժում մը։ Թա­ղի վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը հա­մախմ­բուին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, իսկ ներ­կա­յիս ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ դպրաց դաս մը կազ­մե­լու աշ­խա­տանք­ներ ալ սկսած են։ Մեր զրու­ցա­կից­նե­րը յոյս յայտ­նե­ցին, որ այդ բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ար­գա­սա­ւո­րուին յա­ջո­ղու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Թոփ­գա­բուի թա­ղա­կան­նե­րը այս ա­ռա­ւօ­տեան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­ցին, որ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն պի­տի զու­գա­դի­պի հա­մայն­քա­յին յայտ­նի բա­րե­րար Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի պար­գե­ւատ­րու­մը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016