Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԱՄՆ-Ի ՍԹԻՐԼԻՆԿ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սթիրլինկ բարեգործական ընտանեկան հիմնարկի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Պրիտնի Սթիրլինկն ու ընկերակիցները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ զրոյցի ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ առաքելութեան մասին։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ այն նիւթերուն շուրջ, որոնք կը հետաքրքրէին հիւրերը՝ մասնաւորապէս պոլսահայ կեանքի կտրուածքով։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2024
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025