ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԵՐԿՈՒ ՍԱՆԵՐ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ ԴԱՓՆԵԿԻՐ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԳԾՈՎ
Պէյօղլուի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, Քասըմփաշայի մարզական համալիրէն ներս անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան զանազան վարժարաններէ չորս հարիւր աշակերտներ։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Էսաեան վարժարանէն Արիս Նշան եւ Տաւիտ Իւկէ, որոնք մրցեցան աստղերու դասաւորման մէջ։ Յաջող խաղարկութեան մը արդիւնքին անոնք մաս կազմեցին իրենց դասաւորման դափնեկիրներու շարքին։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Արիս Նշան եւ Տաւիտ Իւկէ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի ձեռամբ ստացան իրենց մետայլներն ու նուէրները։
Միջվարժարանային այս մրցաշարքի արդիւնքին էսաեանցիներուն կողմէ արձանագրուած այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Թրքահայ կեանք
- 02/17/2025