ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի եւ Սուրբ Ծննդեան շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու փայ­լուն ա­ւան­դա­կան հան­դէս­ներ, ո­րոնք տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին ա­շա­կեր­տու­թեան մօտ։ Դեկ­տեմ­բե­րի 29-ին եւ 30-ին կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճանք­նե­րուն ժա­մա­նակ տօ­նա­կան շրջա­նի ո­գե­ւո­րու­թեան մաս­նա­կից եւ ի­մաս­տին հա­ղոր­դա­կից դար­ձան ման­կա­պար­տէ­զի, նա­խակր­թա­րա­նի եւ միջ­նա­կար­գի սա­նե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րուա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ա­ռան­ձին հան­դէս մը՝ ներ­կա­յու­թեամբ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րա­մի եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին, բնա­կա­նա­բար նաեւ ծնող­նե­րուն։

Դպրո­ցի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հը Ա­մա­նո­րի շրջա­նին յար­դա­րուած էր պատ­շա­ճօ­րէն։ Կա­ղան­դի բնո­րոշ զար­դե­րով ու լոյ­սե­րով կեր­պա­րա­նա­փո­խուած այս մի­ջա­վայ­րին մէջ՝ վարժարանի սա­ներն ալ զգես­տա­ւո­րուած էին հա­մա­հունչ ձե­ւով։ Ա­նոնք մեծ ե­ռան­դով ու յա­ջո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին եր­գեր, պա­րեր, թա­տե­րակ­ներ, մինչ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան նաեւ զանազան պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը։

Տատեան վարժարանի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ո­գե­ւո­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց նաեւ Կա­ղանդ պա­պու­կը, որ ի­րենց բաժ­նեց նուէր­ներ։

Իւ­րա­քան­չիւր հան­դէ­սին ժա­մա­նակ տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ գնա­հա­տեց հան­դէս­նե­րու կազ­մա­կեր­պիչ կրթա­կան մշակ­նե­րը եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Տա­տեան վար­ժա­րա­նի ըն­տա­նի­քին՝ Նոր տա­րուան առ­թիւ։ Տնօ­րէ­նու­հի Ալիս Պայրամ մաղ­թեց, որ 2016 թուա­կա­նը հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար բե­րէ խա­ղա­ղու­թիւն, ա­ռող­ջու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն ու եր­ջան­կու­թիւ­ն։

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016