ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ՏՂԱՔԸ ՆՈՒԷՐՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան տա­ղա­ւա­րի շրջա­նին Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղե­ցիէն ներս ապ­րուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խումբն ալ ան­մասն չմ­­նաց ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տէն, մաս­նա­ւո­րա­պէս իր ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մով։ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան եւ փոխ-նա­խա­գահ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բի տղա­քը ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեան։ Երգ­չա­խում­բի ա­պա­գան հա­մա­րուող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն տօ­նա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը բաժ­նեց նաեւ ի­րենց վար­ժա­պե­տը՝ Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեան։ Հայր Սուր­բը, Տէր Հայ­րը եւ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեան Ս. Ծննդեան տօ­նին առ­թիւ ա­ւան­դա­կան նուէր­ներ բաժ­նե­ցին ման­կա­պա­տա­նե­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րուն։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016