ՀՐԱՇԱԶԱՐԴ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԵՏՔՈՎ

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտութեան տաղաւարը այս տարի եւս հոգեւոր մեծ հրճուանքի առիթ հանդիսացաւ թրքահայ ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս։ Մեր համայնքի անդամները տօնական աւետիսով զիրար ողջունեցին եւ անոնց ողջագուրումով վերանորոգուեցան իրարու նկատմամբ սէրն ու բարեկամեցողութիւնը։ Մեր հոգեւորականաց դասու անդամներն ալ մեծ զոհողութիւններով ապահովեցին, որ տօնական օրերու հոգեւոր ուրախութիւնը հնարաւորինս տարածուի ու բոլորը լիուլի հաղորդ դառնան անոր խորհուրդին ու հրճուանքին։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ։ Իրեն առընթերակայ էր Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց՝ խորհրդածութիւններ ընելով Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորհուրդին մասին՝ հայրական շնորհաւորութիւններ յղելով մեր հաւատացեալներուն։ Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ ջրօրհնէք՝ ի յիշատակումն Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ մկրտութեան։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութիւններու աւարտին թափօրով առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, ուր դահլիճի երդիքին տակ կատարուեցաւ տնօրհնէք։

Թէեւ համավարակը անխուսափելիօրէն ազդեց տօնակատարութիւններու մթնոլորտին վրայ, սակայն, վերջին հաշուով, Սուրբ Ծննդեան աւետիսը արձագանգ գտաւ մեր համայնքի անդամներու սրտերէն եւ անոնց ընտանեկան յարկերէն ներս։

Սուրբ Ծնունդի առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց եւ քարոզեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Աթոռի վեղարաւորներէն Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանն ալ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեցին արարողութիւններուն։

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան պատարագեց եւ տօնական օրուայ խրատականը խօսեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Գաւառաբնակ մեր ժողովուրդն ալ անմասն չմնաց տօնական հրճուանքէն։ Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան պատարագեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 7, 2022