ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄ

Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ե­րէկ կա­րե­ւոր ո­րո­շում մը ա­ռաւ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Այս­պէս, Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի հեր­թա­կան ժո­ղո­վը։ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կը տե­ղե­կա­ցուց, որ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին հա­ւա­նու­թիւն տրուած է Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի դի­մու­մին՝ որ­պէս­զի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նախ­կին շէն­քին կար­գա­վի­ճա­կը փո­խուի՝ իր տա­րած­քով հան­դերձ։ Ցարդ բա­րեն­պա­տակ բնոյ­թի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար վե­րա­պա­հուած այդ կա­լուա­ծին կար­գա­վի­ճա­կը են­թար­կուե­ցաւ փո­փո­խու­թեան եւ այդ մէ­կը վե­րա­ծուե­ցաւ հա­սու­թա­բե­րի։ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դը յար­մար դա­տած է Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին հա­մա­պա­տաս­խան պա­հան­ջը։

Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի այս ո­րոշ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ այս ա­ռա­ւօտ կապ հաս­տա­տե­ցինք Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­մի­րին հետ։ Ան յայտ­նեց, որ սա ող­ջու­նե­լի ո­րո­շում մըն է ի­րենց տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի կա­րե­նայ նպա­տա­կաս­լաց ձե­ւով ար­ժե­ւո­րել դպրո­ցի նախ­կին շէն­քը։ Ծա­նօթ է, որ մի­ջո­ցէ մը ի վեր թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ար­դէն ո­րո­նում­նե­րու մէջ էր՝ դպրո­ցի հին շէն­քը վար­ձու տա­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ ծրա­գի­րը կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի՝ ո­րով­հե­տեւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նոր հա­մա­լի­րի օգ­տա­գործ­ման զու­գա­հեռ ան­հա­մե­մա­տօ­րէն բարձ­րա­ցած է Պա­քըր­գիւ­ղի պիւտ­ճէն։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը մեծ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ թա­ղի ելմ­տա­կան կա­յու­նու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ վար­ժա­րա­նի հին շէն­քին վար­ձու տրուի­լը կրնայ նոր հո­րի­զոն մը բա­նալ՝ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան բնա­կա­նո­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Մի­ջոց մը ա­ռաջ Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը հա­մայն­քէն ներս յա­ռա­ջա­ցու­ցած էին բո­ղո­քի ա­լիք մը, սա­կայն այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ կա­րե­լի չէր ե­ղած հա­մո­զիչ պա­տաս­խան մը գտնել, թէ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ինչ­պէս պի­տի կա­րե­նայ դի­մագ­րա­ւել թա­ղի մը դպրո­ցին ծախ­սե­րը, ա­ռանց ար­ժե­ւո­րե­լու կա­լուած­նե­րը, նե­րա­ռեալ դպրո­ցի հին շէն­քը։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը դպրո­ցի հին շէն­քը ար­ժե­ւո­րե­լու մտադ­րու­թեան ծի­րէն ներս կը դրսե­ւո­րէ լուրջ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն եւ սկզբուն­քօ­րէն կը խնա­յէ պատ­մա­կան բա­ժի­նը։ Վար­ձա­կա­լու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սուած են մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին այդ պատ­մա­կան շէն­քին վրայ ա­ւել­ցուած բա­ժին­նե­րը։

Մե­սուտ Էօզ­տե­միր մե­զի յայտ­նեց, որ հին շէն­քի վար­ձա­կա­լու­թեան հա­մար ար­դէն անհ­րա­ժեշտ էր Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան հա­ւա­նու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, հի­մա, որ կայ այդ անհ­րա­ժեշտ թոյլ­տուու­թիւ­նը՝ թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ պի­տի կա­րե­նայ ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ ձե­ւով շա­րու­նա­կել այդ ո­րո­նում­նե­րը։

Մի­ջան­կեալ ձե­ւով յի­շեց­նենք, թէ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հին շէն­քը ար­դէն գործ­նա­կա­նօ­րէն վար­ձու էր մի­ջո­ցէ մը ի վեր։ Այդ մա­սին հրա­պա­րա­կում­ներ ալ ե­ղած էին, նոյ­նիսկ գո­վազդ­ներ տեղ գտած՝ հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մա­պա­տաս­խան կայ­քե­րու վրայ։ Ծա­նօ­թաց­ման այս ար­շա­ւը տե­ղի տուած էր ան­հանգս­տու­թեան ա­լի­քի մը։ Կարգ մը նախ­կին շրջա­նա­ւարտ­ներ վի­րա­ւո­րա­կան հա­մա­րած էին ե­րե­ւոյ­թը։ Լայ­նա­խա­րիսխ գոր­ծե­լու սկզբուն­քով ա­ռաջ­նոր­դուած՝ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում մըն ալ կազ­մա­կեր­պած էր՝ հին շէն­քի ար­ժե­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ծի­րէն ներ­ս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017