ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թիւ­նը այս տա­րի եւս կը կազ­մա­կեր­պէ նար­տի մրցա­շարք մը, որ 23-րդն է իր տե­սա­կին մէջ։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս մրցա­շար­քին բա­ցու­մը։ Հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած մրցա­շար­քի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սան­ցու միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ։ Ան­հա­տա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս մրցա­շար­քը։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցան նախ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը, ա­պա ա­ռա­ջին խա­ղե­րը։

Մրցա­շար­քը պի­տի շա­րու­նա­կուի եօթ շա­բաթ, խա­ղե­րը նա­խա­տե­սուած են ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի եւ Հինգ­շաբ­թի։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017