ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ հիմնարկի վարչութիւնը նոր անդամներով համալրուած է եւ այս առթիւ անոնք ծանօթացուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչայինները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին հիմնարկի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար, վարչայիններու նկատառման յանձնեց իր մօտեցումները հիմնարկի գործունէութեան վերաբերեալ եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։
Բաց աստի, երէկ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներն ալ ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։
ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՀՈՎԻՒ
Միւս կողմէ, երէկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց նաեւ Եթովպական եկեղեցւոյ Իսթանպուլի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Հայր Պեհրանէ Սելասին։