ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՍԿԻԶԲԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր Մեծ պահքը միասնաբար ողջունեցին՝ սուրբգրային սերտողութիւններու մասնակիցները։ Եկեղեցւոյ յարակից «Պալըքճեան» սրահին մէջ այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հաւաքոյթ մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ մասնակցութեամբ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։

Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան խօսեցաւ պահեցողութեան գաղափարին շուրջ եւ բացատրեց անոնց սուրբգրային հիմքերը։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ պահեցողութեան գլխաւոր նպատակն է հոգին վերացնել առ Աստուած։ Պահեցողութիւնը ինքնագիտակցութեան ընթացք մըն է, որով հաւատացեալներ երբեմն կը հեռանան իրենց առօրեայ վարժութիւններէն եւ կը ջանան աղօթքով ու խոկումով զգալ Քրիստոսի ներգործութիւնը։ Մեծ պահոց շրջանն ալ կը խմորէ հաւատացեալները, առաւել եւս կը մօտեցնէ Սուրբ Յարութեան լոյս հաւատքին եւ անոնք Քրիստոսով խմորուած կը ստանան աստուածային զգալի զօրութիւն մը։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան խօսքի վերջաւորութեան ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ բոլորին մաղթեց Մեծ պահոց օրհնեալ շրջան մը։

Սերտողութեան աւարտին մասնակիցները համախմբուեցան պահքի սեղանի շուրջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019