ԿԻՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն երկու նկարիչներ՝ Սամուէլ Լաճիկեանն ու Լեւոն Լաճիկեանը։ Լեւոն Լաճիկեան անծանօթ մը չէ պոլսահայութեան համար, իսկ իր եղբայրը առաջին անգամ կ՚այցելէ քաղաքս։

Համաշխարհային կանանց օրուան՝ մարտի 8-ի առթիւ վաղը Սամուէլ Լաճիկեան ցուցահանդէս մը պիտի բանայ քաղաքիս մէջ։ Ան ցայսօր բազմաթիւ քաղաքներու մէջ անհատական ցուցահանդէսներ բացած է եւ ի լրումն այդ բոլորին վաղուանը պիտի ըլլայ Իսթանպուլի իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը։ Նշանթաշըի «Մարքի» գեղարուեստասրահին մէջ պիտի բացուի այս ցուցահանդէսը՝ կազմակերպութեամբ «Փարոս» հրատարակչութեան։ Մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ եզակի առիթ մը պիտի ըլլայ այս մէկը՝ Սամուէլ Լաճիկեանի գեղարուեստին ներթափանցելու տեսակէտէ։ Իր 30 կտաւները պիտի յանձնուին այցելուներու դատին։

Ցուցահանդէսի բացման ընդառաջ, երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամուէլ Լաճիկեանն ու Լեւոն Լաճիկեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին վաղուան ցուցահանդէսին շուրջ։ Բնականաբար, հանդիպման ընթացքին մեր ուշադրութիւնը առաւել չափով կեդրոնացաւ Սամուէլ Լաճիկեանի խօսքերուն վրայ։ Ան Հայաստանի մէջ Ժողովրդական արուեստագէտի կոչման արժանացած է։ 22 տարի ապրած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, այժմ վերադարձած՝ Հայաստան։ Կ՚ապրի Կիւմրիի մէջ, ուր կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը, միեւնոյն ժամանակ «Վարդուհի» արուեստի դպրոցին մէջ կը դասաւանդէ՝ որպէս նկարչութեան ուսուցիչ։

Սամուէլ Լաճիկեանի ցուցահանդէսը խորագրուած է՝ «Կին եւ բնութիւն»։ Ան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը ցոլացնէ բնութեան ու կնոջ առընչութիւնները։ Երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին Սամուէլ Լաճիկեան յայտնեց, որ կինը բնութեան զարդն է եւ ինք կնոջ մէջ կը տեսնէ բնութեան կատարելութիւնը։ Իր կտաւներուն մէջ կը ցոլանայ բնութեան ու կնոջ միասնութիւնը եւ Սամուէլ Լաճիկեան մեծապէս կը կարեւորէ այդ համատեղումը, որովհետեւ թէ՛ բնութիւնը եւ թէ կինը ծնունդ կու տան նոր կեանքի։

Ցուցահանդէսը, որ պիտի բացուի վաղը, պիտի շարունակուի մինչեւ մարտի 16-ը ու վստահաբար եզակի առիթ մը պիտի ըլլայ մեր գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019