ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Գալֆաեան Տան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ լուսանկարչութեան դասընթացք մը, որուն խանդավառ մասնակցութիւն բերին դպրոցի բարձրագոյն երեք դասարաններու աշակերտները։ Լուսանկարչական հիմնարկի վարչայիններէն Թայլան Պաղճը այս առթիւ այցելեց վարժարան եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ արտադրական աշխատանք տարաւ աշակերտներուն հետ։ Ծրագրին մասնակցեցաւ նաեւ վարժարանի գիտութեան ուսուցչուհի Մելիսա Աւետիսեան։ Այս աշխատանքին կազմակերպումը խրախուսուած էր Տիգրան Տիւլկէրեանի կողմէ։
Երկու օրերու ընթացքին տղաքը տարրական պատկերացում մը կազմեցին լուսանկարչական արհեստին շուրջ։ Առաջին օրը դասարանը վերածուեցաւ մութ սենեակի մը, իսկ երկրորդ օրը՝ տղաքը խաւաքարտներու եւ գնդասեղի օգնութեամբ պատրաստեցին լուսանկարչական պարզ գործիքներ եւ իրենց նկարահանումներուն արդիւնքը տեսան՝ քիմիական նիւթերով կատարուած պատրաստութիւններէն վերջ։