«ՄԵՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ ԳՈՅՆԵՐ»
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ, Չորեքշաբթի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Պաքըրգիւղցի արուեստագէտներու միութեան (Basad) Թրքական դասական երաժշտութեան երգչախումբը հանդէս եկաւ համերգով մը՝ մեկնաբանելով հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։ «Մեր երաժշտութենէն գոյներ» խորագրեալ համերգին ընթացքին երգչախումբը գլխաւորեց Տիճլէ Տերման։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Ալին Քայայի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Basad-ի նախագահ Իլհան Կիւլէք։ Երեկոյթի մենակատարներու շարքին էին՝ Աւետիս Պարութօղլու, Արի Պարութօղլու, Ալին Քայա եւ Եիւքսէլ Շենչալար։
Ձեռնարկի յատկանշական երեսակներէն մին այն էր, որ քեմանի Սարգիս էֆէնտիի 150 տարուան ջութակը տեղ գտաւ բեմին վրայ։ Այդ ջութակը ներկայիս կը պատկանի մեր համայնքի գեղարուեստասէր անդամներէն Համբարձում Սուճուեանի։ Ջութակը համերգի ընթացքին բեմ վերաբերուեցաւ իր որդւոյն՝ Արման Սուճուեանի կողմէ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները ու բազում երաժշտասէրներ։ Աւարտին նորին սրբազնութիւնը շնորհաւորեց համերգի մասնակից արուեստագէտները։
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024