ՄԱՆՐԱԿՐԿԻՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երէկ, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը գումարեց իր երկրորդ ժողովը։ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած նիստին նախագահեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Քաղաքէ դուրս գտնուելու պատճառով ժողովէն բացակայեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Ս. Աստ-ւածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։

Երէկուան երկրորդ նիստին մթնոլորտը կը վկայէր, որ Խորհրդակցական մարմինը կը ձգտի մանրակրկիտ աշխատանքով մը անդրադառնալ համայնքային կեանքի առկայ հարցերուն եւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը դիտարկել լայնախարիսխ մօտեցումով։ Ներկայիս խումբը կը ջանայ ստեղծել ամուր ենթագետին մը, որու վրայ գործունէութիւն պիտի ծաւալէ։

Երէկուան ժողովին ընթացքին ընդհանրապէս օրակարգի վրայ եկան այն նիւթերը, որոնք անցեալ շաբաթավերջին, Ս. Զատկի ընդունելութեան ժամանակ շօշափուած էին Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Այդ նիւթերու շարքին էին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները եւ Պատրիարքարանին կողմէ մամուլին տրուած ազդերը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս ամբողջին մէջ Խորհրդակցական մարմնի անդամներուն բացատրութիւններ տուաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ նախօրէին ունեցած տեսակցութեան շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը այս փուլին մանրամասնեց Պատրիարքարանի դիրքորոշման հիմնական սկզբունքները եւ թաղականներուն տուած հայրական անկեղծ յորդորները։ Խորհրդակցական մարմնի անդամներն ալ համակարծիք էին, որ Պէյօղլուի վերաբերեալ խնդիրները պէտք է ժամ առաջ բարւոք լուծում գտնեն, որովհետեւ առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն մեր համայնքին տեսակէտէ։

Բաց աստի, Խորհրդակցական մարմնի անդամները անդրադարձան Պատրիարքարանի կողմէ մամուլին տրուած ծանուցումներու նիւթին եւ այս կապակցութեամբ վերջին օրերուն ստեղծուած բանավէճին։ Հարցին շուրջ առաւել չափով արտայայտուեցան խորհուրդի անդամ լրագրողները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իր կարգին, ներկայացուց 2016 թուականի տուեալները, ուր ամէն ինչ բնականոն վիճակ կը պարզէր։ Անցեալ տարի՝ 2017 թուականին համայնքէն ներս ստեղծուեցան արտասովոր պայմաններ, սա եղաւ պայքարներու ժամանակաշրջան մը, ուստի Պատրիարքարանը անհրաժեշտութիւն ունեցաւ սովորականէ շատ աւելի յաճախական ձեւով հրապարակել յայտարարութիւններ՝ իր պատգամը հասցնելու համար մեր համայնքին։ Այս իրավիճակին մէջ է, որ հրապարակումները խտացան եւ վճարումներն ալ աւելցան։ Այս բաժնի քննարկումներու աւարտին Խորհրդակցական մարմնի անդամները յայտնեցին, որ վերոյիշեալներու լոյսին տակ ապագայի համար պէտք է կատարուին անհրաժեշտ հետեւութիւնները։

Դարձեալ համայնքային հրատապ օրակարգի ամբողջին մէջ Խորհրդակցական մարմնի անդամները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ուշադրութեան յանձնեցին առկախուած ընտրութիւններու խնդիրներուն վերաբերեալ իրենց մօտեցումները։ Նորին սրբազնութիւնը եւս ընդգծեց, որ ընտրութիւններու վերաբերեալ հարցերը մեր համայնքին տեսակէտէ կը համարուին առաջնահերթ։ Խորհրդակցութեան ընթացքին, ընդհանուր առմամբ, ժողովականները հարցերը սեղանի վրայ դրին բոլոր երեսակներով։ Ընդհանուր մօտեցումը այն էր, որ ընտրութեան հարցերուն լուծումը ունի ինչպէս մեր համայնքէն կախեալ երեսակներ, այնպէս ալ մեր համայնքէն անկախ չափումներ։ Հետեւաբար, համայնքը ժամանակ շահելու համար գոնէ պէտք է աւարտէ իրմէ կախեալ գործերը։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթութիւն կը ներկայացնէ ընտրողներու ցանկերու այժմէականացումն ու կատարելագործումը։ Բոլոր ժողովականները համամիտ էին, որ սա անյետաձգելի խնդիր մըն է մեր համայնքի պարագային։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին ջանքեր պիտի գործադրուին այս նիւթին շուրջ յստակութեան մը հասնելու նպատակով։ Խորհրդակցական մարմնի անդամները անդրադարձան նաեւ ուրիշ ճշմարտութեան մը։ Արդարեւ, ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման աշխատանքը չի վերաբերիր միայն քուէարկութիւններ կազմակերպելու։ Արդարեւ, սա կրնայ ծառայել նաեւ տարրական տուեալներ ապահովելու՝ պատկերացնելու համար մեր համայնքի ընդհանուր բնակչութեան թիւը։ Քանզի, այսօր կը խօսուի զանազան թիւերու մասին, որոնք իսկապէս կը համարուին յարաբերական։ Մեր համայնքի բնակչութեան իսկական թիւին ծանօթ ըլլալը առիթ պիտի ստեղծէ նաեւ աւելի իրատես ձեւով անոր ապագայի ծրագրաւորման։ Պարզ է, որ այսպէսով հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելի առարկայական ձեւով պատկերացնելու մեր համայնքի կարիքները եւ անոնց դիմագրաւման համար անհրաժեշտ միջոցները։

Երէկուան ժողովին ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ նաեւ Խորհրդակցական մարմնի յարակից յանձնախումբեր ստեղծելու գաղափարը։ Որոշուեցաւ յառաջիկային աստիճանաբար հասունցնել այս միտքը եւ Խորհրդակցական մարմնի յարակից ստեղծել յանձնախումբերու եւ մասնագէտներու ցանց մը։ Ժողովականները որոշեցին մտածել այս մասին եւ աստիճանաբար մշակել այս գաղափարը։

Խորհրդակցութեան աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տարուած աշխատանքին համար։

Շաբաթ, Ապրիլ 7, 2018