ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆՊԱՍՏԸ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ բովանդակ Թուրքիա մասնակցութիւն կը բերէ «Մենք մեզի կը բաւենք» հանգանակութեան, որ սկսած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կոչով։ Նուիրատուութեան այս արշաւին մասնակցութիւն բերած է նաեւ թրքահայ համայնքը։ Մեր ազգային հաստատութիւնները կարեւոր գումար մը յատկացուցած են այս հանգանակութեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը, «Անատոլու» գործակալութեան տեղեկացուցած է, որ մեր համայնքը 500 հազար լիրայով մասնակցութիւն բերած է այս հանգանակութեան։

Այս կապակցութեամբ կատարած գրաւոր յայտարարութեան մէջ Պետրոս Շիրինօղլու յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ հայազգի քաղաքացիները քսան տարիէ ի վեր վկայ դարձած են նախագահ Էրտողանի անկեղծ ու ջերմ վերաբերմունքին։ Իր կողմէ մեր երկրին համար ցուցաբերուած աշխատանքի եռանդը բարձր գնահատանքի արժանի է։

«Մեր ազգը միշտ յաջողած է դժուար օրերուն համախմբուիլ։ Մենք ալ՝ որպէս քաղաքացիները այս պատկառելի պետութեան, 500 հազար լիրա նպաստ մը կը բերենք յարգարժան նախագահին կոչով սկսած զօրակցութեան արշաւին։ Մահացած մեր եղբայրներուն Աստուած հոգին լուսաւորէ։ Կը ցաւակցինք անոնց ընտանիքներուն եւ արագ ապաքինում կը մաղթենք մեր այն եղբայրներուն, որոնք դարմանման տակ կը գտնուին», ըսած է Պետրոս Շիրինօղլու գրաւոր յայտարարութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2020