ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական խաւիծի օրը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի այս տարի եւս զանազան սերունդներէ մխիթարեանցիներ համախմբուին իրենց դպրոցի երդիքին տակ։

Առաւօտուն Անարատ Յղութիւն մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի։ Կրօնական արարողութենէն վերջ, մխիթարեանցիները համախմբուեցան դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Բացօթեայ այս հաւաքոյթը շրջանաւարտներուն տեսակէտէ առիթ հանդիսացաւ թէ՛ անմիջական զրոյցի եւ թէ դպրոցի ներկայ կացութեան շուրջ տեղեկութիւններ քաղելու։ Արդարեւ, խաւիծի օրուան սեղաններն ալ արդէն սարքուած էին դպրոցի շէնքի հարեւանութեամբ ձեռնարկուած մեծ շինարարութեան անմիջական շրջափակին մէջ։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ կողակիցը՝ Մերի Աւագեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սիրան Սուրքի, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր։ Վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Այս տարուան խաւիծի օրը զուգադիպեցաւ վարժարանի 193-րդ տարեդարձի շրջանին։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ աշակերտներէն Թալիա Այվազի։ Ելոյթներով հանդէս եկան լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, յանուն սանուց մութեան վարչութեան Քոլին Չեմպէր եւ մատակարար մարմնի անդամուհիներէն Սօնա Մորպօյաճը, որ միեւնոյն ժամանակ վարեց վիճակահանութիւնը։

Խաւիծի օրուան տեւողութեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մեծարուեցան նաեւ յոբելեար շրջանաւարտները։ Լիսէի 40-ամեայ շրջանաւարտները յուշանուէրներ ստացան՝ ձեռամբ տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի։ Նախակրթարանի 50-ամեայ շրջանաւարտուհիներն ալ յուշանուէրներ ստացան՝ ձեռամբ տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըի։

Մխիթարեանցիներու հաւաքը շարունակուեցաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ՝ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։ Բոլոր ընթացաւարտները ժամադրուեցան յաջորդ տարի զիրար վերագտնելու համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018