ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այս առթիւ զանազան սերունդներէ սահակեանցիներ համախմբուելով առիթ հանդիսացան՝ տօնական մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։

Առաւօտուն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի հոգելոյս վարիչները, դպրոցի անդարձ բաժնուող բոլոր պատասխանատուները, սատարողները, կրթական մշակներն ու սաները։

Կէսօրուան ժամերուն սկսաւ շրջանաւարտից հաւաքը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Քարին Աքալի։ Ելոյթներով հանդէս եկան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ Սահակեան-Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեան։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ Թալիա Թուանա Տաղ հանդէս եկաւ մեներգով մը։ Երաժշտութեան ուսուցչուհի Անիթա Եէօնտէմի մականին ներքեւ աշակերտներն ալ ներկայացուցին պար մը։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս աւանդական հաւաքին ընթացքին մեծարուեցան յոբելեար շրջանաւարտները։ Սահակեան-Նունեան լիսէէն 25 տարի առաջ ընթացաւարտ եղած դասարանը կը բաղկանար 45 հոգիէ։ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներէն հոծ թիւով ներկայացուցիչներ մասնակցեցան տարեկան հաւաքին եւ ստացան յուաշնուէրներ։ Անոնց անունով երեք ներկայացուցիչ արտասանեց սրտի խօսք։ 40-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներն ալ Սամաթիոյ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կողմէ մեծարուեցան ջերմօրէն։ Անոնց դասարանն ալ կը բաղկանար 30 հոգիէ։ 40-ամեայ շրջանաւարտներէն ալ մեծ թիւով ներկայացուցիչներ փութացած էին մասնակցիլ հանդիսութեան։ Յոբելեար դասարանին անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Խաչիկ Սրկ. Սարըլը։

Հանդիսութեան աւարտին հատուեցան յոբելեար շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակները։ Սահակեանցիները ապրեցան թէ՛ զիրար վերագտնելու երջանկութիւնը եւ թէ անգամ մը եւս ուրախ եղան իրենց դպրոցի ներկայ կացութեան ականատես ըլլալով։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018