Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԱՂԸ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վաղը երեկոյեան ելոյթ մը պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը մեր համայնքի անդամներու հարցումներուն պիտի պատասխանէ՝ թրքահայ կեանքի զանազան նիւթերուն շուրջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ նախապէս այս ձեւաչափով ասուլիս մը տեղի ունեցած էր նաեւ Եշիլգիւղի մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018