ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Գումգաբուի ընտանիքը անցեալ կիրակի յատկանշական օր մը ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Այս տարի արդէն 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ պէզճեանցիներու օրը, որ ինչպէս միշտ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։

Դպրոցի սաները առաւօտուն Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցութիւն բերին Ս. Պատարագի, որու աւարտին յարակից Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի ուսուցչուհիներէն Լեռնա Եաղեազանի հանդիսավարութեամբ։ Յանուն Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան ներկաները ողջունեց Լինտա Աճէմեան։

Այս տարի 1968-69 շրջանի ընթացաւարտները կը նշէին իրենց 50-ամեակը, իսկ 1993-94 տարեշրջանի ընթացաւարտները՝ 25-ամեակը։ Յոբելեար շրջանաւարտները ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլորին կողմէ, իսկ բաժակի պահուն հանդէս եկան երիցագոյն պէզճեանցի Գրիգոր Չալեան եւ կրտսերագոյն պէզճեանցի Թինա Տոլաշ։ Դպրոցի տղաքն ալ հաւաքոյթի տեւողութեան գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր մը։

Բոլոր պէզճեանցիները ապրեցան հերթական անգամ զիրար վերագտնելու եւ իրենց պատմական վարժարանի անմիջական հարեւանութեամբ համախմբուելու ուրախութիւնը։ Անոնք յուշերը վերյիշելու առընթեր ուրախութիւն ապրեցան նաեւ ականատես ըլլալով դպրոցի այժմու վիճակին։ Բոլոր պէզճեանցիները հաւաքի աւարտին ժամադրուեցան յառաջիկայ տարի դարձեալ զիրար վերագտնելու համար։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2019