ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետ Յարութիւն Շանլը, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին, երէկ յուղարկաւորուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, իր մահը երէկ օրուան սկիզբին մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Նկատի ունենալով, որ համաճարակի հետեւանքով մահացածներու պարագային այս շրջանին թաղման մասնաւոր պայմաններ կը գործադրուին, նորոգ հանգուցեալ Յարութիւն Շանլըն ալ յուղարկաւորուեցաւ այդ բոլորին համապատասխան։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած թաղման կարգին ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շրջապատուած էր հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Հոգելոյս Յարութիւն Շանլըի դագաղը նախ զետեղուեցաւ գերեզմանատան բացօթեայ մահաբեմին վրայ։ Հոգեւոր հայրերուն առընթեր ներկայ էին հանգուցեալի սգաւոր ընտանիքի անդամները, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ համայնքային շրջանակներէն սահմանափակ թիւով դէմքեր։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ դագաղին շուրջ ընթերցուեցան աղօթքներ։ Աւելի վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ թափօր մը, որ Յարութիւն Շանլըի անշունչ մարմինը առաջնորդեց դէպի ընտանեկան դամբարանը։ Իւրաքանչիւր փուլին բոլորը ծայր աստիճան ուշադիր գտնուեցան՝ հնազանդելու համար ընկերային հեռաւորութեան պահպանման։ Համաճարակի շրջանին բնորոշ յատուկ պատսպարուած տարազներ հագուած էին գերեզմանատան պաշտօնեաները, որոնք Յարութիւն Շանլըի դագաղը իջեցուցին շիրմին մէջ, մինչ բոլորը տամուկ աչքերով կը հետեւէին ու կը ջանային զիրար մխիթարել եւ մանաւանդ՝ գօտեպնդել հանգուցեալի այրին եւ զաւակները։

Այսպէսով Յարութիւն Շանլըի երկրաւոր կեանքի աւարտը ազդարարուեցաւ եւ վերջին հանգրուանին բոլորը անմխիթար հրաժեշտ տուին իրեն՝ աղօթելով իր հոգւոյ հանգստութեան, յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։  

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020