ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուղղափառ աշխարհը այս օրերուն կ՚ապրի Ս. Զատկի տօնական ուրախութիւնը։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կեանքէն ներս ալ տաղաւարի շրջանին բնորոշ ուրախութիւնը այսպէսով վերակենդանացած է։ Ինչպէս միշտ, տօնական շրջանը առիթ հանդիսացած է փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու միջեւ շնորհաւորական այցելութիւններու փոխանակման։

Այս ծիրին մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական այցելութիւններ տուաւ  Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին եւ Ասորիներու Պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Ֆիլիքսինոս Եուսուֆ Չեթինին։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ֆէնէրի մէջ դիմաւորուեցաւ յունաց պատրիարքի փոխանորդ Թէոտորոս Վարդապետին եւ խումբ մը հոգեւորականներու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ  Աթոռանիստ Ս. Գէորգ տաճար, ուր առաջի Ս. Սեղանոյ կատարուեցաւ աղօթասացութիւն։ Ապա, Պատրիարք Հայրը հանդիպում ունեցաւ, Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Պատրիարք Հօր հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի Էմմանուել Սրբազան Մետրոպոլիտը։

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին, մեր Հոգեւոր Պետը Պարթոլոմէոս Պատրիարքի անձին մէջ շնորհաւորեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Զատիկը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները։ Քորոնաժահրի համավարակի ազդեցութիւնները տակաւին ի զօրու են եւ եկեղեցիներ իրենց առաքելութիւնը շարունակելու համար առաւել եւս ջանք կը թափեն։ Այս շրջանին կատարուած փոխադարձ այցելութիւնները առիթ կ՚ընծայեն, որ հոգեւոր պետեր համախամբուին եւ զիրար մխիթարեն։ Ինչպէս Ս. Գիրքի մէջ կ՚ընթերցուի, լաւ է եղբայրներու միատեղ ըլլալը եւ նոյն նպատակի համար աղօթելը։

Նորին Ամենապատուութիւնը Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին նուիրեց «Հայճար» խումբի նախաձեռնութեամբ Պիւքէր Ուրասի կողմէ պատրաստուած Պալեան ընտանիքի մասին կոթողային հատորը։

Իսկ, Պարթոլոմէոս Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց փոխայցելութեան համար եւ Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ ողջունեց Հայ Եկեղեցւոյ բարեմաղթութիւնը։ Ինք եւս ձայնակցեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին արտայայտութեանց եւ յայտնեց, թէ ուրախացուցիչ տեսարան է քոյր եկեղեցիներու սիրալիր յարաբերութիւնները։ Զրոյցի ընթացքին երկու պատրիարքները արտայայտուեցան միջեկեղեցական կեանքի եւ առօրեայ զանազան նիւթերու շուրջ։ Սիրալիր հանդիպման ընթացքին Պարթոլոմէոս Պատրիարքը զանազան գիրքեր նուիրեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ ընկերակիցներուն։ Իսկ միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց հովուական ասա մը։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց եղբայրական հիւրասիրութեան համար եւ բաժնուեցաւ Յունաց Պատրիարքարանէն։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021