«ՄԵՐ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ…»
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութիւններուն համար երէկ համայնքին պաշտօնապէս ներկայացաւ առաջին թեկնածուական խումբը։ Թէեւ տակաւին Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը պատկան իշխանութիւններուն կողմէ չէ հրապարակուած, սակայն, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կան խմորումներ։ Փրոֆ. Թորոս Ալճանի կողմէ գլխաւորուած «Մեր հիւանդանոցը» խումբը երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին գրեթէ ամբողջական կազմով ներկայացաւ համայնքային մամուլին։
Հաւաքոյթի ընթացքին Թորոս Ալճան ունեցաւ երկարաշունչ ելոյթ մը, որու ընթացքին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի պարագային ծաւալուն արժեւորում մը ըրաւ եւ իր դիտարկումներու լոյսին տակ փորձեց բացատրել, թէ ի՛նչ մղումներով «Մեր հիւանդանոցը» խումբը դուրս եկած է այս ճանապարհորդութեան։ Մամլոյ սպասաւորներուն յանձնուեցաւ նաեւ գրքոյկ մը, որու բովանդակութեան մէջ ամփոփ գիծերով տեղ տրուած էր «Մեր հիւանդանոցը» խումբի 26 թեկնածուներու կենսագրութեան։
Փրոֆ. Թորոս Ալճանի գլխաւորած թեկնածուներն են՝ Մուրատ Պէրպէրօղլու, տքթ. Միրիճան Միրօղլու, փրոֆ. Մուրատ Ուղուրլուճան, Արամ Քալէնտէրօղլու, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, փրոֆ. Յակոբ Չըթաք, տոց. Ալիս Քոստանօղլու, Ժիւլիէթ Քոստանօղլու, տոց. Ալփէն Եահիա Կիւմիւշօղլու, Արեգ Ֆերահեան, տոց. Այտա Քեպապճը, Արին Սոմէր, իրաւաբան Ազիզ Քափ, Չեթին Չաղլա, իրաւաբան Էրսան Արսէն Խուպէսէրեան, Ժպիտ Չեթինքայա, Յարութիւն Շէշէթեան, Ժիրայր Կարիպկիւն, Քաթիա Քայա, Փոլ Ըրկաւ, Սարգիս Չիզմէճի, Թամար Թաշճըօղլու, Թովմաս Քոշուն, Վաղարշակ Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Գամէր Թոքէր։