ERVAB-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ԵԿԱՒ Ս.Փ. ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԴՐԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հերթական ժողովը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Նիստը վարեց ԹՎՄ-ի ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու՝ քանի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու կը բացակայէր ակամայ։

Օրակարգի վրայ եկաւ երկու հիմնական նիւթ։ Առաջինը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ակնկալուած ընտրութեան վերաբերեալ սպասումը, իսկ երկրորդը՝ համայնքային հաստատութիւններու ի նպաստ նուիրատուութիւնները հաւաքագրելու նոր համակարգի մը հաստատումը։

Առաջին նիւթին մասին արտայայտուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, որ ժողովականներուն տեղեկութիւններ տուաւ սպասուած ընտրութիւններուն վերաբերեալ իրադրութեան շուրջ։ Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնադրութեան հրապարակման հարցին շուրջ իրենց հասած նորութիւն մը չկայ։ Հերման Պալեան հերքեց նաեւ համայնքէն ներս շրջանառութեան մտած զանազան լսումները, ըստ որոնց ընտրութիւններուն թուականը արդէն ուրուագծուած է։

Բաց աստի, համայնքային վարիչները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նուիրահաւաքման համակարգի խնդիրներուն շուրջ։ Այլեւս բոլորին յայտնի է, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը գործած եւ վերջին շրջանին լուծարուած «Իթիմաթ պիւրոսու»ի պարագային զեղծումներ եւ չարաշահումներ խնդրոյ առարկայ դարձած են։ Համայնքային վարիչներու ներկայութեամբ այս լսումները այնքան յաճախակի եւ բարձրաձայն կը կրկնուին, որ այլեւս որեւէ կասկածի տեղիք չկայ այս տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, հոգեւոր կամ աշխարհական համայնքային որեւէ իշխանութիւն որեւէ օրինական կամ շօշափելի քայլ չի կատարեր, յառաջացած խնդիրներուն վերաբերեալ համայնքային հանրային կարծիքը պաշտօնապէս չի լուսաբանուիր եւ առկայ քաոսի մթնոլորտին մէջ կ՚որոնուի լուծում մը։

ERVAB-ի երէկուան ժողովը՝ վերջին շրջանին ձեւաւորուած տխուր նախընթացի հիման վրայ՝ դարձեալ դռնփակ էր։ Նիստէն վերջ անպաշտօն լսումներու հիման վրայ տեղեկացանք, որ համայնքային վարիչները փոխըմբռնման չեն կրցած հասնիլ նուիրահաւաքման նոր համակարգի մը հաստատման ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024