ՄԵԾ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ
Թրքական լրատուամիջոցները՝ հեռուստակայաններ ու թերթեր, երկու օրէ ի վեր արձագանգ կը հանդիսանան «Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրջագծով ապրուած մեծ գայթակղութեան մը։ Այս տարի հերթական անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը սկսած է անցեալ շաբաթավերջին։ Երկու ասորի մարզիկներու՝ Ճէմ Քըրըլմազի եւ Ճէմ Թիմիրճիի մասնակցութեան բերումով յառաջացած են խնդիրներ, որոնք դժբախտաբար անկառավարելի հունի մը մէջ մտած են՝ կարգադիր յանձնախումբի անհեռատես ու սիրողական քայլերուն հետեւանքով։ Արդիւնքը այն է, որ միջմիութենական մրցաշարքի կազմակերպչական թերութիւնները ամօթալի մակարդակի մը վրայ կը գտնուին եւ հանրային կարծիքին մօտ արձագանգ գտած ցաւալի իրադարձութիւնները դժբախտաբար պատիւ չեն բերեր մեր համայնքին։
Ճէմ Քըրըլմազ եւ Ճէմ Թիմիրճի յայտարարած են, որ մրցաշարքէն արտաքսուած են իրենց ասորի արմատներուն բերումով։ Ինչ մեղք, որ համբակ գործիչներու ինքնագլուխ եւ անհեռատես կարգադրութիւններուն բերումով անխուսափելիօրէն մեր համայնքին, մեր սանուց միութիւններու ճակտին կը քսուի այլատեացութեան մուրը։ Իսկապէս ամօթալի ու ցաւալի այս երեւոյթին կապակցութեամբ որեւէ յայտարարութիւն կատարելէ ձեռնպահ կը մնայ կարգադիր յանձնախումբը, որ նոյնիսկ այս մրցաշարքի սկիզբը չէ տեղեկացուցած հանրային կարծիքին։