ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԱԳՍՈՒՏ ԿԱՌԱՎԱՐԵԱՆ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան։ Ըն­կե­րա­յին կեան­քէ ներս ան­սահ­ման հա­մակ­րան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած դէմք մըն էր Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան, որ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս ու­նէր մեծ վարկ։ Ան իր սե­րուն­դի ե­զա­կի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մին էր, կը վա­յե­լէր բա­րի համ­բաւ եւ իր կո­րուս­տը իս­կա­պէս սու­գի մատ­նած է ինչ­պէս իր ըն­տա­նի­քը, այն­պէս ալ բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կը։

Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան կը զբա­ղէր ա­ռեւ­տու­րով, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ան­խոնջ սպա­սա­ւոր­նե­րէն մին էր նաեւ իր ան­սա­կարկ ներդ­րու­մը կը բե­րէր հա­մայն­քա­յին կեան­քին։ Թրքա­հա­յոց մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի տաս­նա­մեակ­նե­րուն ան իր հե­զա­համ­բոյր նկա­րագ­րով, դէմ­քին ժպի­տով վառ ներ­կա­յու­թիւն մըն էր բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն ըն­թաց­քին, բո­լոր հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ։ Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մեր մա­մու­լի ա­ռա­քե­լու­թեան ի սրտէ հա­ւա­տա­ցած, Մես­րո­պեան տա­ռե­րու թունդ պաշտ­պան մըն էր, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցո­ղը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին ու վա­ղե­մի բա­րե­կա­մը թեր­թիս ըն­տա­նի­քին։

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան վայրն ու թուա­կա­նը ա­ռանձ­նա­պէս պի­տի հրա­պա­րա­կուի վա­ղուան ըն­տա­նե­կան մա­հազ­դով։

Իր ան­վե­րա­դարձ ու տխուր հրա­ժեշ­տին կա­պակ­ցու­թեամբ յար­գան­քով կը բե­րենք մեր խո­նար­հու­մը Մագ­սուտ Կա­ռա­վա­րեա­նի բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Այս տխուր առ­թիւ մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք իր այ­րիին՝ Շու­շան Կա­ռա­վա­րեա­նի, զա­ւակ­նե­րուն, քրոջ՝ Այ­տա Դա­նիէ­լեա­նի եւ հա­մայն ըն­տա­նի­քին։  

Երեքշաբթի, Յունիս 7, 2016