Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը։ Օրուան պատարագիչն էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութի։
Նախքան Տէրունական աղօթքը արարողութեան մասնակից հաւատացեալները ունկնդրեցին պատարագիչ Հայր Սուրբին քարոզին։ Ձմրան ամիսներու ընդհատումէն վերջ եկեղեցւոյ վերաբացուելուն, հոգեւոր կեանքի վերակենդանանալուն կապակցութեամբ ուրախութիւն յայտնեց Հայր Սուրբը, որու քարոզի բնաբանն էր. «Մարդու որդին շաբաթին տէրն է» (Մատթ. 12.8)։ Ան մէջբերեց Ս. Ներսէս մեծ հայրապետի վարքէն հատուած մը եւ հաւատացեալները հրաւիրեց դիմելու անոր բարեխօսութեան։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024