ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ներկայացուցիչներ։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին թաղի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբի 111-րդ տարեդարձին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ նախատեսուած են։ Հանդիսութիւններուն ընդառաջ խմբագրատունս այցելեցին դպրաց դասու նախագահ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, նաեւ տնօրէն խորհուրդի անդամներէն Ժպիտ Սէրվէրօղլու եւ Կարապետ Հէմէնկիւլ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք ամփոփ տեղեկութիւններ տուին երգչախումբի գործունէութեան մասին։ Հարկ է ընդգծել, որ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան երգչախումբի գործունէութիւնը աշխուժացնելու եւ խրախուսելու առումով մեծ եռանդ ի գործ կը դնէ եւ այդ ջանքերու պտուղները տեսանելի պիտի դառնան այս շաբաթավերջի տարեդարձին։

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024