Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 241-րդ տարեդարձը Իսթանպուլի մէջ նշուեցաւ մեծ շուքով։ 4 Յուլիսի Անկախութեան տօնին առթիւ այս տարուան պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Մեճիտիէգիւղի «Fairmont» պանդոկին մէջ։ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պեսս եւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս այս առթիւ սարքեցին ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան հազար հրաւիրեալներ։

Քաղաքական, դիւանակալական, գործարար, կրօնական, մտաւորական շրջանակներէ ծանօթ դէմքեր, գեղարուեստական, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխարհներէն յայտնի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, բարձրաստիճան զինուորականներ եւ այլ հիւրեր մասնակցեցան այս ընդունելութեան, որու ընթացքին Ճոն Պեսս եւ Ճենիֆըր Տէյվիս հանդէս եկան ելոյթներով։

Սոյն հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին շնորհաւորութիւններ փոխանցեց դեսպանին եւ աւագ հիւպատոսին՝ ԱՄՆ-ի ազգային տօնին առթիւ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Մեր համայնքէն այլ դէմքեր ալ հրաւիրուած էին մասնակցիլ այս ընդունելութեան։

 

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2017