ՀՐԱՆԴ ՄԵԼՔՈՒՄԵԱՆ ԳՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՌՆՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Գո­նիա­յի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ճատ­րա­կի կա­րե­ւոր մրցա­շարք մը, որու ար­դիւնք­նե­րուն հի­ման վրայ յայտ­նի դար­ձան այն խում­բե­րը, ո­րոնք բարձ­րա­ցան՝ Թուր­քիոյ ճատ­րա­կի սիւ­փէր լի­կը։ «Պո­ղա­զի­չի» խում­բի կազմին մէջ այս մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ մեր հա­մայն­քի ծա­նօթ ճատ­րա­կի վար­պետ­նե­րէն Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը գլխա­ւո­րէ Իս­թան­պու­լի ճատ­րա­կի միու­թիւ­նը։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ Ճատ­րա­կի դաշ­նակ­ցու­թեան մօտ պաշ­տօն կը վա­րէ մար­զիկ­նե­րու խոր­հուր­դէն ներս։

Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան Գո­նիա­յի մրցա­շար­քին ըն­դա­ռաջ իր մաս կազ­մած «Պո­ղա­զի­չի» խում­բին մաս­նակ­ցիլ հրա­ւի­րած է նաեւ Հա­յաս­տա­նէն յայտ­նի կրոս­մայս­թըր Հրանդ Մել­քու­մեա­նը։ Նոյն­պէս Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան վար­չա­յին­ներէն Շանթ Էօզ­պիւլ­պիւ­լի «Րէֆ­քար» ըն­կե­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ Հրանդ Մել­քու­մեան ըն­դա­ռա­ջած է այս հրա­ւէ­րին։ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան եւ Հրանդ Մել­քու­մեան նա­խա­պէս ալ ու­նե­ցած են բա­րե­կա­մու­թիւն։ Իր ժա­մա­նա­կին նե­րած չա­փով՝ Հրանդ Մել­քու­մեան զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով Թուր­քիոյ մէջ մաս­նակ­ցած է զա­նա­զան մրցա­շարք­նե­րու։

Ար­դիւն­քին, «Պո­ղա­զի­չի» խում­բը Գո­նիա­յի մրցա­շար­քի արդիւն­քին հա­սած է իր նպա­տա­կին։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Առ­նօ Կա­րա­պե­տեան եւ Հրանդ Մել­քու­մեան ի­րենց պար­գեւ­նե­րը ստա­ցած են՝ Շանթ Էօզ­պիւլ­պիւ­լի եր­կու որ­դի­նե­րուն՝ Ար­թու­նի եւ Տիգ­րա­նի հետ։

Այսպէսով երեք հայ երիտասարդներու համագործակցութեամբ Գոնիայի մրցաշարքը ունեցաւ յատկանշական ու ողջունելի արդիւնք մը, որ կ՚արժանանայ մեր մարզասէրներու գնահատանքին։

Կը շնոր­հա­ւո­րենք եւ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2015