ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) վանքին մէջ, նախընթաց օր, ժամը 18.00-ին, յունաց օրացոյցին համաձայն Վարդավառի տօնի նախատօնակը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ՝ Պրուսայի Եոաքիմ Մետրապոլիտին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ Համբարձում Քիւչիւք։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ կոկիկ թիւով յոյն հաւատացեալներ։

Վանքի գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած նախատօնակի արարողութեանց աւարտին հանդիսապետ մետրապսլիտը նախ օրհնեց յունաց վանքի ամառնային ճամբարի տնօրէնը՝ Տիամանտի Քումվոփուլոսը, ապա իրեն շնորհեց յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի շքանշանը։ Այս առթիւ ընթերցուեցաւ նաեւ օրհնութեան գրութիւնը։ Արարողութեան աւարտին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի գլխաւորութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը մօտեցաւ տնօրէն Քումվոփուլոսին ու շնորհաւորանք յայտնեց։ Իսկ արարողութեան աւարտին վանքի բակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Այս տարի եւս ցաւառիթ էր մէկտեղումը, քանի որ համավարակի պատճառաւ յունաց վանքի ամառնային ճամբարի մէջ եւս աշակերտութիւնը ակամայ կը բացակայէր։ Ներկաներ տօնական ուրախութեան առընթեր մաղթեցին, որ յաջորդ տարի համավարակի ազդեցութիւնը հեռանայ եւ նման առիթները լիիրաւ ձեւով դառնան տօնական մթնոլորտի։ Հանդիպման աւարտին հանդիսադիր մետրապոլիտը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան շնորհակալութիւն յայտնեց ու այս առիթով յատուկ ձեւով իր յարգանքը մատուցանեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց մեր Հոգեւոր Պետին։

Շաբաթ, Օգոստոս 7, 2021