ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆ

Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ պոլ­սա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան «Փե­լիթ» ծա­ղա­րա­նի սե­փա­կա­նա­տէր Սե­լա­հատ­տին Ա­յա­նի կող­մէ։ Ներ­կայ էր նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն։ «Փե­լիթ»ի Է­սէ­նեուր­տի ար­տադ­րա­մա­սին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ճա­շա­սե­ղա­նի մը շուրջ, իսկ ա­ւե­լի վերջ շրջայց մը կա­տա­րե­ցին գոր­ծա­րա­նա­յին հա­մա­լի­րէն ներս։

Հիւ­րա­սի­րու­թեան ա­ւար­տին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը հրա­ժեշտ ա­ռին՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Սա­րը­կիւ­լին եւ Ա­յա­նին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015