ՀՈԳԵՒՈՐ ՑՆԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Գնալը կղզիի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր ցնծութեան օր մը ապրուեցաւ երէկ։ Այսպէս, Պոլիսէն ու Ատըեամանէն տասնինն երախաներ մկրտուեցան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուող բացօթեայ մկրտարանին մէջ՝ դառնալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մկրտեալ զաւակներ անդամներ, մեր համայնքի հարազատ զաւակներ։ Գալֆաեան, Գարակէօզեան եւ Ս․ Խաչ դպրեվանքին մէջ իրենց կրթութիւնը ստացող տասնինն պատանիները մկրտեց Կղզեաց Տեսուչ Տ․ Թաթուլ Ծ․ Վրդ․ Անուշեան։ Դրոշմի խորհուրդն ալ կատարեցին Տ․ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ․ Գրիգոր Ա․ Քհնյ․ Տամատեան։ Հարկ է նշել, թէ հաւաքական մկտութեան այս արարողութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր Գալֆաեան Տան խնամակալութեան եւ իր եռանդուն ատենապետուհիին՝ Տիանա Գամբարոսեանին։
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեան եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։
Մկրտեալներն ու իրենց կնքահայրները հետեւեալներն էին․
Էլիզապէթ Եղիշօղլու (աւազանի անունը՝ Մելիսա)՝ կնքահայրութեամբ Գրիգոր Տինչքայըքճըի, Ալին Հանչերեան (աւազանի անունը՝ Աննա)՝ կնքահայրութեամբ Արէտ Չաքըճըի, Անճելիք Շահնազարեան (աւազանի անունը՝ Հերմինէ)՝ կնքահայրութեամբ Մկրտիչ Ճինճիօղլուի, Ատիլէ Կիւլայ Ալինա Պոզթեփէ (աւազանի անունը՝ Պայծառ)՝ կնքահայրութեամբ Մկրտիչ Ճինճիօղլուի, Սելվա Պաքըրճըօղլու (աւազանի անունը՝ Թագուհի Ռէյնա)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Նուրիքօղլուի, Կիւլսիմա Պաքըրճըօղլու (աւազանի անունը՝ Սիրուն)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Նուրիքօղլուի, Պերֆին Պաքըրճըօղլու (աւազանի անունը՝ Սիրանոյշ Քարլա)՝ կնքահայրութեամբ Գամէր Պոտոսօղլուի, Տիճլէ Պաքըրճըօղլու (աւազանի անունը՝ Տիգրիս)՝ կնքահայրութեամբ Գամէր Պոտոսօղլուի, Ըշըլ Պուսէ Կարիպօղլու (աւազանի անունը՝ Տեսիլ)՝ կնքահայրութեամբ Կարօ Աթամանի, Այլին Այտըն (աւազանի անունը՝ Արեւ)՝ կնքահայրութեամբ Կարօ Աթամանի, Մարալ Եշիլթեփէ (աւազանի անունը՝ Մարի)՝ կնքահայրութեամբ Սայաթ Կիւրիւնի, Քաան Եշիլթեփէ (աւազանի անունը՝ Գրիգոր)՝ կնքահայրութեամբ Սայաթ Կիւրիւնի, Արտա Հաքան Մաշալը (աւազանի անունը՝ Գէորգ)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Ճավաքի, Թուղչէ Ալեանաք (աւազանի անունը՝ Թագուհի)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Ճավաքի, Էֆէ Ալեանաք (աւազանի անունը՝ Արի)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Ճավաքի, Սիտար Պաքըրճը (աւազանի անունը՝ Արթուն)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Պաքըրճի, Ալէն Էմրէ Պաքըրճը (աւազանի անունը՝ Քրիստափոր)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Պաքըրճըի, Արտա Պաքըրճը (աւազանի անունը՝ Յարութիւն)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Պաքըրճըի եւ Ռոպէրթ Ալեանաք (աւազանի անունը՝ Թաթուլ)՝ կնքահայրութեամբ Մուրատ Ճավաքի։