Ս. ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բարեբաստիկ խորհրդակատարութիւն մը, որ եկաւ համախմբել համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր։ Այսպէս, Մուրատ եւ Մելիս Պէրպէրօղլու ամոլի անդրանիկ որդւոյն փոքրիկն Պարգեւ Պէրպէրօղլուի Ս. Մկրտութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Խորհուրդը կատարուեցաւ ձեռամբ՝ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեանի եւ կնքահայրութեամբ՝ Թանէր-Ալիս Էօզէր ամոլի։ Ներկաները ջերմօրէն ողջունեցին փոքրիկն Պարգեւ Պէրպէրօղլուի մկրտութիւնը եւ ուրախակից եղան անոր երջանիկ ծնողքին եւ ամբողջ ընտանիքին։

Խորհրդակատարութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին շարունակուեցաւ ստեղծուած ոգեւոր մթնոլորտը։ Պէրպէրօղլու ընտանիքը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բարեկամներու կողմէ, որոնք փոքրիկն Պարգեւ Պէրպէրօղլուի համար բարեմաղթութիւններ յղեցին՝ մաղթելով երկար ու երջանիկ կեանք։ Նկատի ունենալով, որ Մուրատ Պէրպէրօղլու Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ժրաջան անդամներէն է՝ մկրտութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան անդամները՝ ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճանի գլխաւորութեամբ։

Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք կը մաղթենք նորոգ մկրտեալ Պարգեւ Պէրպէրօղլուին։ Կը շնորհաւորենք իր երջանիկ ծնողքն ու համայն ընտանիքը։ Ջերմ խնդակցութիւններ կը յղենք նաեւ կնքահօր՝ Թանէր-Ալիս Էօզէր ամոլին։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020