ՏԱՐԵԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ դէպի Վան տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վաղը կը մատուցուի տարեկան Ս. Պատարագը՝ Խաչվերացի տօնին ընդառաջ։ Ծանօթ է, որ պատմական այս եկեղեցին, որ հայկական ճարտարապետութեան կոթողներէն կը համարուի, այժմ վերածուած է թանգարանի, սակայն, տարին անգամ մը այնտեղ Ս. Պատարագ կը մատուցուի։ Պատմական եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան՝ Խաչվերացի տօնին տեղի կ՚ունենան այս արարողութիւնները։ Յամենայնդէպս, այս տարուան Ս. Պատարագը կը մատուցուի Խաչվերացի տօնէն շաբաթ մը աւելի շուտ։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ Վան մեկնած են այս ուխտագնացութեան առթիւ։ Բացի թրքահայ հաւատացեալներէն, հայաշխարհի այլ անկիւններէն ալ ուխտաւորներ նոյն առթիւ ժամանած են Վան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024