ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՇԱՀԱՆ Ս. ԱՐՔ. ՍՎԱՃԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեան շաբաթավերջին Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ իր մահուան տարելիցին առթիւ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հանգուցեալ սրբազան հօր շիրմին շուրջ համախմբուած էին հաւատացեալներ, որոնք փութացած էին յարգել անոր բարի յիշատակը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի հոգելոյս Տ. Շահան Ս. Արք. Սվաճեան ննջէ խաղաղութեան եւ անդորրութեան մէջ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին բոլորը բիւր յարգանքով եւ խոր յուզումով իրենց խոնարհումը բերին լուսահոգի սրբազան հօր բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019