ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին հերթական անգամ առարկայ դարձաւ համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ մեծ եռուզեռ ապրուեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքերու առընթեր Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար եւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլն ալ մասնակցութիւն բերին արարողութիւններուն։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուեցաւ եկեղեցին, ուր հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց թաղի քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հմայեակ Սրկ. Քոչումեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները շատ տպաւորիչ ձեւով կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Ի ժամ Ս. Պատարագի Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Աւետարանական մէջբերումներով ան շեշտեց, որ աշխարհ խորքին մէջ պայքարի աշխարհ մըն է, ուր խաղաղասէրները միշտ հարուածի կ՚ենթարկուին՝ ինչպէս որ պատահեցաւ Քրիստոսի պարագային անոր խաչելութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը բացատրեց, որ մեր հաւաքական կեանքէն ներս ալ երեւոյթը նոյնն է։ Մեր համայնքին մէջ եւս այսօր կը դիմագրաւենք նման խնդիրներ։ Միչդեռ, համայնքէն ներս բոլորը միասնականութեան կամք պէտք է դրսեւորեն, բոլորս պէտք է «մե՛նք» ըսենք, տէր պէտք է կանգնինք մեր ազգային արժէքներուն եւ պէտք է միշտ պահապան ըլլանք իրարու։ Քարոզի վերջին բաժնին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ Ֆէրիգիւղի կացութեան շուրջ։ Արդարեւ, սա մեր ամենահայահոծ թաղն է, սակայն դժբախտաբար թաղեցիներու մեծ ներուժը անբաւարար կը մնայ մանաւանդ վարժարանի ընթացիկ խնդիրները յաղթահարելու տեսակէտէ։ Հետեւաբար, ան յորդորեց անտարբերութիւն չդրսեւորել ու զօրավիգ կանգնիլ մեր հաստատութիւններուն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի 17-րդ տարեդարձին առթիւ։ Աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան համար։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Բացի Մարգար Էսաեանէն եւ Մուսթաֆա Սարըկիւլէն սիրոյ սեղանի մասնակիցներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Երեւանէն՝ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Սրահի երդիքին տակ իսկապէս ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ, մինչ ներկաները բոլոր-ւած էին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղաններուն շուրջ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Գարէն Թէրզեանի հանդիսավարութեամբ։ Թաղային խորհուրդի գործունէութեան եւ թաղի կարիքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Մանուկ Էօղէր եւ Ազնիւ Մեծատուրեան։ Մէրամէթեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանն ալ մանրամասնօրէն ներկայացուց կրթական գետնի վրայ տարուած աշխատանքը։ Ան հանգամանօրէն բացատրեց, որ Մէրամէթճեան վարժարանը մրցունակ եւ յաւակնոտ հաստատութիւն մըն է, որու սաները անանտեսելիօրէն փայլուն յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն թէ՛ կրթական կեանքէ ներս եւ թէ ընկերամշակութային գետնի վրայ։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով եւ արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն։ Մանկապարտէզի փոքրիկները ներկայացուցին պարեր։ Երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ ներկայացուած խմբերգները խանդավառեցին մթնոլորտը։ Մինչ այդ արտասանեցին՝ Արտէն Փոլատ, Լուսին Սու Կէօքչէ, Նիքոլ Օտապաշը, Արաս Աշճը, Էլլա Ենովքեան, Արեւ Սուճու եւ Ալիսիա Հախվերդեան։
Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ յանձն առած էր սիրոյ սեղանի ծախսերուն դիմագրաւումը՝ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Ան նշեց, թէ վերջին տասնամեակներուն զանազան պաշտօններ վարելէ վերջ ներկայիս շարքային քաղաքացի մըն է, սակայն հայ համայնքը միշտ մասնաւոր դիրք մը ունի իր սրտին մէջ՝ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած երախտագիտական զգացումներուն տեսակէտէ։
Երեսփոխան Մարգար Էսաեանն ալ ընդգծեց, թէ ինք երկար ժամանակ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին մէջ գտնուած է՝ դպրական ծառայութիւն մատուցած ըլլալով Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի շարքերէն ներս։ Ան դրուատեց Ֆէրիգիւղէն ներս ստեղծուած մթնոլորտը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց միշտ զօրակցելու համար այս թաղին եւ ընդհանրապէս մեր համայնքին։
Հուսկ բանքը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ հերթական անգամ շեշտեց, թէ մեր հաստատութիւններուն դէմ պէտք չէ ըլլալ անտարբեր, մեր համայնքի անհատները պէտք է առաւել նախանձախնդրութեան առարկայ դարձնեն մեր հաստատութիւնները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծեց, որ մեծ ջանքեր կը գործադրուին համայնքէն ներս միասնականութիւն, զօրակցութիւն ու ներդաշնակութիւն ապահովելու համար։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը մասնակցութիւն բերեն այդ ջանքերուն ու մեր համայնքը դառնայ օրինակելի, իտէլական հաւաքականութիւն մը։
Սիրոյ սեղանը եզրափակուեցաւ աղօթքով։ Բոլորը արձակուելէ առաջ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդին եւ բոլոր յարակից մարմիններուն նկատմամբ։ Երէկուան սիրոյ սեղանի ընթացքին կատարուած հանգանակութեան արդիւնքին Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին շուրջ երկու երրորդը ապահովուեցաւ։ Սա, վերջին հաշուով, կարեւոր նախադրեալ մը, թթխմոր մը հանդիսացաւ՝ որպէսզի թաղային խորհուրդը տարուան ընթացքին յաւելեալ որոնումներով ու ճիգերով կարենայ վերջնականօրէն հաւասարակշռել պիւտճէի բացը։