«ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՆ ՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵՌՔ ՁԵՌՔԻ»

Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ կեանքի կոչել մեր նոր սերունդին ուղղեալ բազմաթիւ ծրագրեր։ Ակումբի գործունէութիւնը սահմանափակ չի մնար զուտ մարզականով եւ հետզհետէ կ՚ընդարձակուի անոր ընկերային տարողութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ, ներկայիս կեանքի կը կոչուի «Մարմնամարզն ու փիլիսոփայութիւնը ձեռք ձեռքի» խորագրեալ ծրագիրը։ Վարչութեան ատենադպրուհի Տիանա Ալթունի կողմէ կը համակարգուի այս ծրագիրը, որու մասնակիցները ութ շաբաթ վերջ պիտի ունենան վկայականներ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017