ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ փոխ-ատենապետ Նուպար Մանավեանը։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս շրջանին կը պատրաստուի՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան։ Նոյեմբերի 17-ին նախատեսուած է սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները խմբագրատունս այցելեցին՝ լուսաբանելու համար համայնքը։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Մարի Եանճը եւ Նուպար Մանավեան նշեցին, որ Տատեան վարժարանի պիւտճէի բացը անցեալ տարի 12 միլիոն լիրա էր, իսկ այս տարի՝ 15 միլիոն լիրա է։ Հակառակ գիներու անհամեմատ բարձրացումներուն՝ թաղային խորհուրդը առաւելագոյն ջանքեր գործադրած է, որպէսզի պիւտճէի բացի յաւելման համեմատութիւնը նուազագոյն մակարդի վրայ պահէ։

Եանճը եւ Մանավեան բացատրեցին, որ Պաքըրգիւղը ամենահայահոծ թաղերէն մին է։ Տատեան վարժարանը մեծ է թէ՛ իր աշակերտութեան թիւով, թէ՛ պաշտօնէութեան թիւով եւ թէ ընդհանուր աշխուժութեամբ։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ ծախսերն ու պիւտճէի բացն ալ մեծ են, անխուսափելիօրէն։ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կ՚առաջնորդուի այն սկզբունքով, թէ մանաւանդ հայահոծ թաղերու պարագային վարժարաններու պիւտճէի բացը պէտք է հնարաւորինս հաւասարակշռուի՝ աշակերտներու ծնողներու զօրակցութեամբ։ Արդարեւ, համայնքային այլ հաստատութիւններու օժանդակութիւնները մինչեւ տեղ մը գործի կը ծառայեն եւ հայահոծ թաղերու պարագային ներուժը պէտք է շարժման անցըուի, որպէսզի թաղեցիները առաջնահերթօրէն տէր կանգնին իրենց թաղի կրթօճախին։ Թաղային խորհուրդը այս առումով կը ձգտի հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ընդհանրացնել, սակայն, այս ճանապարհին վրայ մեծ խոչընդոտ մըն է համայնքի ընդհանուր համակարգի անարդար եւ հաւասարութենէ հեռու վիճակը։

Մարի Եանճը եւ Նուպար Մանավեան զրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձան թաղի եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման նիւթին։ Անոնք ընդգծեցին, որ թաղային խորհուրդը եկեղեցապատկան կալուածները կ՚արժեւորէ հրապարակի պայմաններով առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ։ Թաղային խորհուրդը վարձակալներուն հետ շատ ներդաշնակ յարաբերութիւններ մշակած է։ Հիւրերը զրոյցի ընթացքին շնորհակալութեամբ ընդգծեցին, որ վարձակալները ըմբռնումով կը մօտենան, որ թաղային խորհուրդը հասոյթը կ՚ուղղէ կրթական հաստատութեան մը յարատեւութեան նպատակին, ինչ որ իրենց յարաբերութեան ընդհանուր մթնոլորտը կը պայմանաւորէ։ Յամենայնդէպս, կալուածներու հասոյթը տարեկան պիւտճէի հազիւ մէկ երրորդին կը համապատասխանէ։

Մարի Եանճը եւ Նուպար Մանավեան ընդգծեցին, որ իրենց հիմնական ձգտումն է որակեալ կրթութիւն ապահովել Տատեան վարժարանէն ներս, որու պարագային թաղային խորհուրդը կը ջանայ ապահովել շարունակականութեան համար զօրակցութիւն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2024