ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ

Ամանորի սեմին Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ այս հանդիսութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսի բացման մասնակցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, որու կողքին էին իր գործակիցները։ Այցելուները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին տաղաւարներուն վրայ ներկայացուած աւանդական իրեղէններուն նկատմամբ։

Ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քէրմէսին համար աշխատանք տարած էին Գարոլին Անի Քարաքելլէ (ատենապետուհի), Մանիշակ Ույկունօղլու, Էպրու Սաղլամօղլու, Սամիրա Այթեքին, Աղաւնի Սուճու, Արաքսի Սուլթանօղլու, Ալիսա Տիքպաշ, Կիւլչին Տաղ, Էօզլէմ Ալքանլը եւ Իրմա Տիշճի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019