ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ԵՄ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Անգարայի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Թոմաս Հանս Օսսոուսկիի այցելութիւնը։ Բարձրաստիճան դիւանագէտին ընկերացան առաքելութեան քաղաքական հարցերու գծով աւագ խորհրդական Ստեֆանօ Ֆանթարոնի եւ քաղաքական գործերու տեղացի խորհրդական Սեմա Քըլըչէր։

Նորանշանակ դիւանագէտը յառաջիկայ չորս տարիներուն պիտի պաշտօնավարէ Անգարայի մէջ։ Ուստի, իր առաքելութեան շրջանի սկիզբին ան փափաքած էր այցելել Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը, ուր Նորին Ամենապատուութենէն տեղեկութիւններ քաղեց Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան ու այժմու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դեսպան Թոմաս Հանս Օսսոուսկիին յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան կապակցութեամբ եւ զրոյցի աւարտին, հրաժեշտի փուլին հիւրերուն նուիրեց գիրքեր։

Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, հիւրերը այցելեցին նաեւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին, ուր եւս ստացան տեղեկութիւններ։ Այս փուլին անոնց ուղեկցեցաւ Պատրիարքարանի տեղեկատուական եւ հրատարակչական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2024