ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքէն երկու պաշտօնատարներ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Մուսթաֆա Օտապաշը եւ Սետա Ճայմազ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Հիւրերը փափաքած էին անձամբ փութալ Պատրիարքարան եւ պաշտօնապէս շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։

Վերջին շրջաններուն Նիւ Եորքի եւ Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած «Աղթամար»ի ցուցահանդէսներուն բերումով անոնք արդէն ծանօթ էին իրարու։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս քաղաքավարական այցելութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ պատրիարքական ընտրութենէն վերջ մեր համայնքէն ներս ծնունդ առած է դրական մթնոլորտ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ սա կը դառնայ ազդակ մը, որպէսզի հայ համայնքը առաւել յաջողութեամբ շարունակէ իր պատմական ճանապարհը, ինչ որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ նաեւ երկրի բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020