ՇԻՇԼԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԸ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Նոր տարին։ Ակումբի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու մասնակից մանուկ կամ պատանի արուեստագէտները խրախճանքի մը մասնակցեցան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։ Ակումբի վարչութիւնը ամէն մանրամասնութիւն հաշուի առնելով պատրաստած էր այս խրախճանքը։ Վարչայիններուն առընթեր ներկայ էին անոնց ընտանիքները, մարզիկները, մարզիչները եւ համակիրներ։ Այս տարուան տօնածառն ալ յարդարուած էր պատանի մարզիկներուն կողմէ։ Շիշլիցիները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան նաեւ Կաղանդ պապուկին կողմէ բաժնուած նուէրներով։

Այսպէս Շիշլիի մեծ ընտանիքը ողջունեց 2020-ը՝ միշտ վստահ ըլլալով, թէ 90-ամեայ այս ակումբը պիտի շարունակէ նաւարկել դէպի նոր հորիզոններ։

Միւս կողմէ, երէկ, Շիշլի մարզակումբին մէջ սկսաւ «Ռէիս» ֆութսալի մրցաշարքը, որ ձօնուած է հոգելոյս Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին։ Իր նմաններու կարգին 6-րդն է այս մրցաշարքը, որու բացումին մեծարուեցաւ ակումբի վաստակաւոր մարզիչներէն Գրիգոր Աբալեան։ Այս վերջինը ներկայիս կը դիմագրաւէ առողջական խնդիրներ եւ Շիշլիի ընտանիքը իրեն նկատմամբ արտայայտեց բարոյական զօրակցութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020