ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Կարապետ Մխալեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին Թորոս Ալճան, Եսայի Տեմիր, Հապիպ Էօզֆուրունճու, Զատիկ Թոքէր, Շահին Չընար եւ Ժիրայր Ճանկէօզեան։ Յուղարկաւորներու շարքին կարեւոր համեմատութիւն կազմեցին մեր կրթական համակարգի ներկայացուցիչները։ Բոլորը իրենց վերջին յարգանքը մատուցին նորոգ հանգուցեալ Կարապետ Մխալեանի նկատմամբ՝ խոնարհելով անոր վաստակին առջեւ։

Հոգելոյս Կարապետ Մխալեանի անշունչ մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020