ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը ողջունեց մեծ խանդավառութեամբ։ Թաղի Տատեան վարժարանէն ներս կազմակերպուած հանդէսները դարձան տօնական շրջանի ոգեւորութեան գագաթնակէտերը։ Այսպէս, դպրոցէն ներս երեք տարբեր հանդէս տեղի ունեցաւ՝ մանկապարտէզներու, նախակրթարաններու եւ միջնակարգերու համար։ Այս բոլոր փուլերուն տղաքը հանդէս եկան յաջող ելոյթներով՝ արժանանալով գնահատանքի։ Դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս հանդէսները բարձր տրամադրութեան ստեղծման առիթ հանդիսանալու առընթեր, ապահովեցին, որ տղաքը հաղորդ դառնան մեր աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն։

Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն ալ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց բոլորին՝ աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն եւ Տատեանի ամբողջ ընտանիքին՝ բարեմաղթութիւններով հանդերձ։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Կաղանդ պապուկն ալ տատեանցի սաներուն Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ բաժնեց նուէրներ։

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022