ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Ե­րէկ, Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րուե­ցաւ Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեա­նի ձե­ռամբ մա­տու­ցուած կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ Կո­մի­տաս Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճանք մը։ Օ­րուան մթնո­լոր­տին հա­մա­պա­տաս­խան յար­դա­րուած ու զար­դա­րուած սրա­հին մէջ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցան թէ՛ ե­րէց­նե­րը եւ թէ փոք­րիկ­նե­րը։ Հտպի­տի մը հսկո­ղու­թեամբ տղա­քը ու­նե­ցան  հա­ճե­լի ժա­մանց։ Ճա­շա­սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուած բո­լոր ներ­կա­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր ապ­րե­ցան Գու­րու­չէշ­մէի մէջ Բա­րե­կեն­դա­նի առ­թիւ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016