ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Վա­քըֆ­լը­գիւղ­ցի­նե­րու Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պեց Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք մը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Նար­լը­գա­բուի ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից Սե­բաս­տա­ցի­նե­րու սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեան։ Ե­րե­կոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում դէմ­քեր։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նշուե­ցաւ միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 15-ա­մեա­կը։

Վա­քըֆ­լը­գիւղ­ցի­նե­րու Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Վար­դու­հի Քիւ­չիւքմ­սըր­լեան, վար­չա­յին­նե­րէն Ար­թին Ճան Պա­հա­րօղ­լու եւ նախ­կին ա­տե­նա­պետ Ար­տա­շէս Գար­թուն հան­դէս ե­կան սրտի խօս­քե­րով։ Ըն­թեր­ցուե­ցաւ նաեւ Մի­սաք-Ար­մե­նու­հի Հէր­կէլ ա­մո­լին կող­մէ փո­խան­ցուած շնոր­հա­ւո­րա­կա­նը։ Ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր մը գոր­ծադ­րեց «Ո­մանք» խում­բը։

Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի, ա­ւե­լի ճիշ­դը՝ Սւե­տիոյ բար­բա­ռի մէջ­բե­րում­նե­րով ար­տա­սա­նուե­ցան կարգ մը ե­լոյթ­նե­րը։ Ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուած ներ­կա­նե­րը համ­տե­սե­ցին նաեւ գիւ­ղի ա­ւան­դա­կան հա­մա­դամ­նե­րը։

Խրախ­ճան­քի ըն­թաց­քին հա­տուե­ցաւ նաեւ միու­թեան 15-ա­մեա­կին ձօ­նուած կար­կան­դակ մը։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016