ՏԱՐԵԴԱՐՁ ԵՒ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ յատ­կան­շա­կան օր մը ապ­րե­ցաւ՝ թա­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բի կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րուն առ­թիւ։ Ինչ­պէս միշտ, Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րուան զու­գա­դի­պե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, բազ­մա­պատ­կե­լով ստեղ­ծուած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 107-րդ, իսկ երգ­չա­խում­բի կազ­մու­թեան 84-րդ տա­րե­դարձ­նե­րուն առ­թիւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ փայ­լուն ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տը զգա­լի էր ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին՝ Սեդ­րակ Տա­վութ­հան, Հմա­յեակ Գօ­չու­մեան, Վա­ղար­շակ Սե­րով­բեան, Սա­յաթ Չը­նար եւ Ար­մե­նակ Գա­զան­ճեան սար­կա­ւագ­ներն ու այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։ Հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հայ­րը, որ տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը, դպրու­թեան չորս աս­տի­ճան­ներ շնոր­հեց՝ Ե­րուանդ Սե­պու­հեա­նին, Ար­թիւր Մես­րո­պեա­նին, Ա­րէտ Ար­փա­յին, Յու­սիկ Սաք­մա­նին, Կա­րէն Է­միր­հա­նին, Մու­րատ Չա­քը­րին, Ա­րեգ Ի­փեք­լիին եւ Շանթ Էս­մէ­րին­։ Ա­րա­րո­ղու­թեան հե­տե­ւե­ցան նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նե­տար եւ Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ, ո­րոնց կ՚ըն­կե­րա­նա­յին Վազ­գէն Պա­րըն եւ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու։ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան դպրաց դա­սու եւ երգ­չա­խում­բի հան­գու­ցեալ հիմ­նա­դիր­նե­րը, նա­խա­գահ­նե­րը, դպրա­պետ­նե­րը, ե­րաժշ­տա­պետ­նե­րը, վա­րիչ­նե­րը, ան­դամ­ներն ու սա­տա­րող­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, յա­րա­կից «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, ո­րուն եւս նա­խա­գա­հեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, ո­րու կող­քին էին՝ Հայր Սուրբն ու Տէր Հայ­րը։ Հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Հայկ Աս­լա­նեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, քոյր երգ­չա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հիւ­րեր։ Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Գա­րէն Թէր­զեա­նի, որ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը կա­տա­րեց հա­ւա­քոյ­թին բա­ցու­մը։ Ա­լէն Հաճն­լեան ներ­կա­յա­ցուց Տնօ­րէն խոր­հուր­դին տե­ղե­կա­գի­րը։ Դպրա­պետ Սեդ­րակ Տա­վութ­հան հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը։ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեանն ալ ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, որ­մէ վերջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին ձե­ռամբ գնա­հա­տագ­րեր յանձ­նուե­ցան երգ­չա­խում­բի շարք մը յո­բե­լեար ան­դամ­նե­րուն։

Յայ­տագ­րի գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­ինն ալ ճոխ էր իս­կա­պէս։ Մե­ներ­գեց Ա­լիս Շա­հի­նօղ­լու, նուա­գե­ցին Շանթ Էս­մէր եւ փոք­րիկն Ա­րաս Մես­րո­պեան, ար­տա­սա­նեց Սէր­լի Մա­յի­սօղ­լու։ Զու­գա­հե­ռա­բար յայ­տա­գի­րը ու­նէր նաեւ Բա­րե­կեն­դա­նի բնո­րոշ բա­ժին մը՝ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին հի­ման վրայ։ Սա­րօ Սի­րա­կա­նեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ պատ­րաս­տուած տա­րազ­նե­րով յա­տուկ տո­ղանց­քը ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը հաս­ցուց գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Ներ­կա­նե­րուն ծա­փող­ջիւն­նե­րը ար­դէն ե­կան ա­պա­ցու­ցա­նել այս տո­ղանց­քին յա­ջո­ղու­թիւ­նը։

Հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քով եւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը, որ մեր ե­րաժշ­տա­կան կեան­քի մղիչ ու­ժե­րու շար­քին է, այս­պէ­սով պա­տշաճ շու­քով նշեց իր հեր­թա­կան տա­րե­դար­ձը՝ հա­մադ­րե­լով իր հա­րուստ ան­ցեա­լը, փայ­լուն ներ­կան ու մա­նա­ւանդ յա­ւակ­նոտ հե­ռան­կար­նե­րը։

 

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2016