ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ նախկին պոլսահայ գործիչ ու բարերար Հայկ Միսաքեան Թորոնթոյի մէջ կնքած է իր մահկանացուն։ Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է, որովհետեւ նորոգ հանգուցեալ Հայկ Միսաքեան տասնամեակներ շարունակ անփոխարինելի ծառայութիւն մատուցած է սփիւռքի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ան գանատահայ համայնքի խորհրդանշական անուններէն մին էր, սակայն իր կորուստին առթած ցաւը չի սահմանափակուիր միայն գանատահայութիւնով, որովհետեւ Հայկ Միսաքեան ունէր ընկերային շատ լայն շրջանակ մը Պոլսոյ մէջ։ Ան եղբայրն էր երախտաշատ ազգային բարերար Մոնիք Երկանեանի։ Ուստի, մեր համայնքի սիւներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլը այս օրերուն խոր ցաւ կ՚ապրին եւ իսկապէս սուգի մատնուած են՝ իրենց հարազատ եղբօր կորուստին բերումով։

Հայկ Միսաքեան իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր։ Ազնուական ընտանիքի մը մէջ հասակ առած էր ու ներշնչուած իր պատուական հօր՝ հանգուցեալ ազգային բարերար Գրիգոր Միսաքեանի շունչով։ Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ լիսէի ուսումը Մխիթարեան վարժարանի մէջ ստանալէ վերջ մուտք գործած էր Ռոպերթ քոլէճ, որ այդ շրջանին արդէն համալսարանի մակարդակին համազօր բարձրագոյն վարժարան մըն էր։ Այնտեղ ուսանած էր ճարտարագիտութիւն։ Զինուորական ծառայութիւնը ընելէ վերջ 1964 թուականին մեկնած էր Գանատա։ Իր առաջին հանգրուանը եղած էր Մոնրէալը, ուր ՄաքԿիլ համալսարանէն ներս կատարելագործած էր իր բարձրագոյն ուսումը՝ որպէս ճարտարագէտ։ 1966 թուականին ամուսնանալով անցած էր Թորոնթօ։ Այդ ամուսնութենէն ունեցած էր երկու զաւակ։ Հայկ Միսաքեան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատարիմ ու նուիրեալ ծառայ մըն էր։ Յիսուն տարի որպէս սարկաւագ սպասարկած էր մեր եկեղւոյ։

Ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս իր ծառայութիւնը միայն այդքանով սահմանափակուած չէր։ Ան գլխաւորած էր Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի թեմական խորհուրդի անդամն էր։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Գանատայի մասնաճիւղի աշխոյժ անդամներէն մին էր։ Միեւնոյն ժամանակ Մոնրէալէ ներս հայկական եկեղեցւոյ շինարարութեան յանձնախումբի անդամներէն ու բարերարներէն մին եղած էր։ 1997 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ պարգեւատրուած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Գանատայէ ներս «Հայաստանի դեսպանութեան բարեկամներ» հիմնադրամին եւս բերած էր իր զօրակցութիւնը եւ գլխաւորած անոր վարչութիւնը։ 2002 թուականին Գանատայի համար բերած նպաստին ի գնահատութիւն՝ պարգեւատրուած էր «Թագուհիի ոսկէ մետայլ»ով։ Օնթարիոյի կառավարութիւնն ալ գնահատած էր Հայկ Միսաքեանի կամաւոր աշխատանքը եւ այդ կապակցութեամբ պատուած զինքը։

Հայկ Միսաքեան գանատահայ համայնքէ ներս կարեւոր աշխատանք տարած էր նաեւ հայ գաղթականներու ի նպաստ։ Գաղթականաց օգնութեան յանձնախումբի ատենապետ եղած էր եւ պատասխանատու աշխատանք ծաւալած էր՝ որպէսզի կարողանայ օժանդակել բազմահարիւր ընտանիքներու Գանատայի մէջ հաստատման, քաղաքացիութեան ձեռքբերման եւ հասարակութեան համարկման։ Իր կողմէ գլխաւորուած կոմիտէն օժանդակութիւն հասցուցած էր մօտաւորապէս 4 հարիւր հայ գաղթական ընտանիքներու, որոնք իրենց ապագան Գանատայի մէջ փնտռել որոշած էին։ Ի լրումն այս բոլորին, Հայկ Միսաքեանի ծառայութիւնները ընդգծած էին նաեւ Մայր Հայաստանը։ Սարալանջի մէջ բնակելի շէնքերու կառուցման ծրագրին համար բերած էր աշխոյժ մասնակցութիւն եւ այդ հարթութեան վրայ ալ իր աջակցութիւնը ունեցած էր կարեւոր նշանակութիւն։ Մոնրէալի հայկական եկեղեցւոյ հիմնական բարերարներէն մին էր։

Հայկ Միսաքեան, որ մեր համայնքի բարերարուհիներէն Մոնիք Երկանեանի երկուորեակ եղբայրն էր լուռումունջ ծաւալած էր այս ամբողջ գործունէութիւնը։ Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կը ճանչնային զինքը, կը վկայէին իր համեստութեան մասին եւ իսկապէս ալ ան տասնամեակներ շարունակ իր ասպարէզէն ներս հետեւողական վերելք արձանագրելու զուգահեռ երբեք աննկատ չէր թողած ազգային-եկեղեցական կեանքը եւ սփիւռքէ ներս ծաւալած էր երախտաշատ աշխատանք։

Հայկ Միսաքեան վերջին շրջանին կը տառապէր որոշ անհանգստութիւններէ։ Բժշկական խնամքի տակ էր եւ իր հարազատներն ալ գուրգուրանք կը ցուցաբերէին իրեն նկատմամբ։ Դժբախտաբար վերջին օրերուն այդ բոլորը մնացին անբաւարար եւ Հայկ Միսաքեան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը եւ ընկերային շրջանակը։ Իր յիշատակը վառ կը մնայ բոլոր անոնց մօտ, որոնք զինքը ճանչցած են եւ կամ վկայած են իր կողմէ տարուած գործունէութեան։

Այս ցաւալի լուրը անմիջապէս արձագանգ գտաւ նաեւ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Երկանեան ամոլի բարեկամական շրջանակը եւ Հայկ Միսաքեանի Իսթանպուլի ծանօթները մեծ ցնցում ապրեցան։ Համայնքային շրջանակները ցաւակցեցան Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլին եւ արտայայտեցին իրենց բարոյական զօրակցութիւնը։ Մինչ այդ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ երէկ կապ հաստատեց Երկանեան ամոլին հետ, աղօթեց հանգուցեալի հոգւոյն խաղաղութեան համար եւ հայրական գուրգուրանքի առարկայ դարձուց Երկանեան ամոլը՝ մաղթելով մխիթարութիւն։

Հայկ Միսաքեանի յուղարկաւորութիւնը յառաջիկայ չորեքշաբթի տեղի պիտի ունենայ Գանատայի մէջ։ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը երկար տարիներ եղած է Գանատայի թեմակալ առաջնորդ, ծանօթ է հանգուցեալի վաստակին եւ փափաքած է ի յարգանս ներկայ ըլլալ հրաժեշտին՝ մասնաւորապէս այս առթիւ մեկնելով Թորոնթօ։ Յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովհաննիսեան։

Այս դառն կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Հայկ Միսաքեանի հոգւոյն եւ կը ցաւակցինք իր հարազատներուն։ Նոյն առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք համայնքային երախտաշատ բարերար Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլին, Շէյտա-Վազգէն Նանեան ամոլին եւ իրենց զաւակներուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 8, 2019