ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս օրերուն արդէն ամբողջութեամբ կեդրոնացած է՝ երկրաշարժով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ յառաջացած զոհողութիւններու հրամայականին վրայ։ Երէկ յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցան մեր համայնքային բոլոր կառոյցներու վարչական խորհուրդներու ատենապետները։ Լայնախարիսխ խորհրդակցութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ միւս աշխարհական վարիչները ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ իսկապէս խորապէս ազդուած ձեւով արժեւորեցին ստեղծուած իրավիճակը, որմէ համայնքին բաժին կը վիճակի՝ հետեւանքներու յաղթահարման ճանապարհին։ Այսպէս, համայնքային շրջանակները այս պահուն ամբողջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն աղէտի գօտի առաւելագոյն զօրակցութիւնը փութացնելու հարցին։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ տեղեկացուց, որ ERVAB-ի կողմէ արդէն 2 միլիոն 500 հազար լիրա նուիրատուութիւն կատարուած է եւ ի շարունակութիւն միւս համայնքային հաստատութիւններն ալ տեղւոյն վրայ խոստացան կրկնապատկել այս գումարը։ Այս ամբողջին մէջ շատ խորհրդանշական էր, որ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներն ալ իրենց ամսականները կը յատկացնեն այս նուիրահաւաքման արշաւին։
Ժողովի սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ օրուան հրատապ օրակարգի բնոյթին բերումով Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբն ալ լծուած է գործի։ Ուստի, յանձնախումբը երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ շարժման անցած է եւ առած է արդէն կարգ մը շօշափելի քայլեր։ Յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ երէկուան ժողովին ընթացքին մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպիսի աշխատանքային ծրագրի մը կը հետեւին եւ այդ ծրագիրը, անխուսափելիօրէն, յաճախակի փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի՝ աղէտի գօտիէն հասած տուեալներու եւ յարափոփոխ կարիքներու լոյսին տակ։ Ան ըսաւ, որ շուտով Հաթայ ուղարկուած են վերմակներ եւ նման անմիջական գոյքեր։ Սկսած է մեր եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններուն հետ համագործակցաբար աշխատանք մը, որպէսզի զանազան զգեստներ, ուտեստեղէններ եւ այլ պիտանի գոյքեր հաւաքագրուին։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ սկսած է նաեւ նուիրահաւաքման արշաւ մը։
Այս բացատրութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի հրատապ նախաձեռնութեան շուրջ։ Ան ըսաւ, որ մեծ գնահատանքի արժանի է, որ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու համայնքին անունով իսկապէս լուրջ նուիրատուութիւն մը ըրած է՝ 2 միլիոն 500 հազար լիրա գումար յանձնելով AFAD-ին։ Միւս ժողովականներն ալ բարձր գնահատեցին այս նախաձեռնութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը աւելի վերջ շեշտեց, որ առկայ պահը համագործակցութիւն, զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն կը պարտադրէ։ Ուստի, մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է մաս կազմէ սկսած աշխատանքներուն՝ ըստ իր ուժերուն եւ իր կարողութիւններուն։
Խորհրդակցութեան տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ ինչպէս լայն հասարակութիւնը, այնպէս ալ մեր համայնքը այս երկրաշարժին հետեւանքով մեծ կորուստներ տուած է եւ մեծ վնասներու ենթարկուած է։ Իր խօսքով՝ այս երկրաշարժին պատճառած փլուզումը երկար տարիներ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ամբողջ երկրին եւ մեր բոլորին վրայ։ Արդարեւ, այս երկրի բոլոր քաղաքացիները կը համարուին նոյն նաւուն մէջ։ Այս տրամաբանութիւնով Թուրքիոյ հայութիւնն ալ արդէն անտարբեր չէ մնացած եւ առաջին իսկ պահէն շարժման անցած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ նախընթաց օրուան խորհրդակցութեան ժամանակ անհրաժեշտ կարգ մը հրատապ քայլերու շուրջ որոշումներ առնուած էին, իսկ երէկուան ժողովը առիթ մըն էր՝ այդ բոլորին պաշտօնական հանգամանք վերագրելու տեսակէտէ։ Սննդամթերքի, դեղօրայքի եւ այլ հրատապ կարիքներու համար արդէն փոխադրամիջոցներ ուղարկուած են դէպի աղէտի գօտի։ Երէկուան դրութեամբ այդ բոլորը տեղ հասած էին։ «Բնակարանները վնասուած ըլլալով՝ ինքնաշարժներու մէջ գիշերող համայնքի անդամներ ունինք։ Աստուած անոնց բոլորի օգնութեան հասնի։ Մալաթիոյ մէջ ունինք երեք զոհ։ Մեր հոգեւոր հայրերը անոնց յուղարկաւորութեան համար պիտի երթան այնտեղ։ Իսքենտէրունի մէջ ալ կորուստ ունինք։ Կան մարդիկ, որոնց մասին լուր առնել հնարաւոր չ՚ըլլար։ Այս բոլորը աստիճանաբար յառաջիկայ օրերուն պիտի պարզուին», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Խորհրդակցութեան ընթացքին Խաչիկ Ճանէլ ի մէջ այլոց նշեց, որ Տիարպաքըրի մէջ ալ եղած է համայնքէն զոհ մը, բայց այնտեղէն որեւէ օժանդակութեան պահանջ չէ հասած։ Մալաթիոյ պարագային տեղւոյն հայութիւնը, ըստ էութեան, պատսպարուելու խնդիր չունի։ Ատըեամանի պարագային այս պահուն կան կարիքներ, սակայն բաւական դժուար է այնտեղ հասնիլ, որովհետեւ հիմնական ճանապարհի փապուղին արդէն կքած է, նոյնիսկ լեռնային կամ ժայռային հատուածներ փուլ եկած են, ուստի, փոխադրութիւնները եւ հաղորդակցութիւնները հնարաւոր կ՚ըլլան միայն Տիարպաքըրի վրայով։ Ան ժողովականներու նկատառման յանձնեց նաեւ, որ Հաթայի եւ Իսքենտէրունի մէջ ալ ահաւոր փլատակներ խնդրոյ առարկայ են։ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղին մէջ զոհեր չկան, սակայն մարդիկ չեն կրնար մտնել իրենց բնակարանները։ Գիւղի հրապարակին վրայ հաւաքաբար կը գտնուին եւ վառարաններով կը ջեռուցուին։ Անոնք ունին օժանդակութեան կարիք եւ արդէն համապատասխան պահանջները ներկայացուցած են։ Այս ամբողջին մէջ անհրաժեշտ է մասնաւորապէս ժեներաթէօրներու տրամադրումը։ Համայնքին կողմէ առաջին հերթին Վաքըֆլըգիւղ ուղարկուած օժանդակութիւնները արդէն տեղ հասած են։ Ի լրումն այս բոլորին, երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ յոյն համայնքի հետ մեր համայնքը շփման մէջ է եւ յոյն համայնքին կողմէ եղած հանգանակութիւններն ու նուիրատուութիւններն ալ, ներառեալ գոյքի նուիրատուութիւնները, պիտի փոխադրուին մեր համայնքի ջանքերով։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ուղղուած կոչին ընդառաջ՝ երէկ իսկ արդէն շուրջ 400 հազար թրքական լիրա հանգանակուած է։ Հաշուարկները այս փուլին կը կատարուին այն տուեալներու լոյսին ներքեւ, թէ Վաքըֆլըգիւղի մէջ 30, իսկ աւելի ներքեւի շրջաններուն մէջ 40 հայ կը գտնուի։ Անոնց համար ցարդ արդէն երեք ժեներաթէօր ուղարկուած է։
Խորհրդակցութեան տեւողութեան որոշուեցաւ, որ համայնքային մարմիններուն կողմէ յատկացուելիք նուիրատուութիւնները կեդրոնացուին Պատրիարքարանի մէջ եւ այնտեղէն փոխանցուին անհրաժեշտ մարմիններուն։ Նուիրահաւաքը համակարգելու համար կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որուն ներառուած են Գարակէօզեան Տան խնամակալութենէն, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։ Բաց աստի, երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին ներկաները հեռախօսով լսեցին ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի կողմէ աղէտի գօտիէն՝ տեղւոյն վրայէն փոխանցուած զանազան տեղեկութիւններ։ Սեւան Սվաճըօղլու մեծ ցաւով տեղեկացուց, որ ընդհանուր մթնոլորտը իսկապէս բաւական ցաւալի պատկեր մը կը պարզէ եւ երկիրը շատ ճակատագրական փուլէ մը կ՚անցնի։ Ուստի, ան խորհուրդ տուաւ նաեւ, որ մեր համայնքի անդամները ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներու ժամանակ ըլլան զգոյշ եւ վերապահ։
Նիստի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ շուրջ 600 տարիէ ի վեր Պատրիարքական Աթոռը կրօնական եւ աշխարհիկ գործերը յառաջ կը տանի զուգահեռաբար։ Թէեւ օրինական հարթութեան վրայ աշխարհական գործերը պէտք է աշխարհիկ վարչութիւններուն կողմէ կատարուին, օրէնսդրութիւնը պատրիարքին համար կը նախատեսէ միայն հայրական յորդորներ տալ։ Յամենայնդէպս, օրէնքի ուժը եւ բարոյական ուժը այս փուլին պէտք է միացնել։ «Այս գործը պէտք է կատարենք Պատրիարքական Աթոռի հովանոցին ներքեւ։ Այո՛, թէեւ աշխարհիկ կեդրոնական կառավարման խորհուրդ մը չունինք, սակայն, ի՞նչ ընենք, չաշխատի՞նք։ Այս բոլորի մասին պէտք է աւելի շատ խօսինք եւ այս փուլին ալ պէտք է գործենք տուեալ պայմաններու շրջանակին մէջ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
Խորհրդակցութիւնը եզրափակուեցաւ միաբերան աղօթքով։